Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 15« 2007
Ամենայն Հայոց Հայրապետը Պոքա Ռաթոն (Ֆլորիտա) կը ժամանէ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Իր շքախումբով Պոքա Ռաթոն (Ֆլորիտա) ժամանեց առաւօտեան ժամը 11:00-ին: Յետ միջօրէի ժամը 1:00-ին հանդիպում մը ունեցաւ Ս. Էջմիածնի Բարեկամներու Յանձնախումբի անդամներուն հետ: Այցելեց Ս. Դաւիթ Եկեղեցւոյ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Վարժարանը« ուր աշակերտները գործադրեցին կոկիկ յայտագիր մը: Իսկ ժամը 5:00-ին հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներու հետ:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին` ամպհովանիի ներքեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը առաջնորդուեցաւ Ս. Դաւիթ Եկեղեցի« ուր տեղի ունեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն: Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան« որ Իր գնահատանքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց ցուցաբերուած ընդունելութեան համար եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Մենք տեսանք սիրելիներ որ դուք եւ ձեր հայրեր առ Աստուած նոյն հաւատարմութեամբ եւ առ հայրենին նոյն սիրով ապրել եւ շէնացրեր էք ձեր կեանքը հեռաւոր Միացեալ Նահանգներուն: Վկայ` ձեր եկեղեցիները« որոնք խօսում են ձեր առ Աստուած ունեցած հաւատի մասին` որից ոչինչ կարողացել է շարժել« ոչ մի դժուարութիւն« ոչ մի նեղութիւն« ոչ մի ցաւ ու տառապանք: Քրիստոսով դուք յաղթանակել էք« Քրիստոսով դուք կառուցել էք« շէնացրել ազգային եւ հոգեւոր ձեր կեանքը: Ձեր հաւատքի բարի պտուղներն են այն ամէնը` ինչ որ տեսանք Հովուապետական մեր այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգների իւրաքանչիւր ծուխ: Քիչ առաջ մենք եղանք Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցում« եւ այնտեղ Մենք տեսանք Մեր նորահաս գանձերին« մեր բողբոջ գանձերին« ձեր զաւակները` որոնք եւ ձեր գանձերն են« ձեր սիրոյ ու գուրգուրանքի առարկան. եւ այդ գանձերը ձեր խնամքով« ձեր կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ« պիտի դառնան ազգի յաւերժական գանձեր« անկորնչելի գանձեր` մեր Հայրենիքի եւ մեր երկնաւոր հօր համար« Ով առանձնայատուկ շնորհ ունեցաւ մեր ազգի համար« Արարատի վրայ հանգեչրեց Նոյեան Տապանը` որտեղից երկրորդ անգամ ծնունդ առաւ մարդկութիւնը: Աստուած շնորհ առեց որ իր Միածին Որդին երկրորդ անգամ աշխարհ իջնի Հայոց երկրում` մեզ պարգեւելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը»:
Յաւարտ արարողութեան` ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Մարտիկեան սրահին մէջ` մասնակցութեամբ եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու:
Երեքշաբթի Հոկտեմբեր 16« 2007
Այցելութիւն Աթէնքի եւ Յունաստանի Արքեպիսկոպոսին
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Ամենայն Հայոց Սրբազանագոյն Կաթողիկոսը եւ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այցելեցին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Ամեն. Տ. Քրիսթոտուլոսի« որ վիրաբուժական լուրջ գործութեան ենթարկուելէ ետք` հանգիստի շրջան մը կ
’անցընէր անձնական տան մը մէջ:
Նորին Սրբութիւնը փափաքեցաւ անձամբ այցելել Ամեն. Տ. Քրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոսին եւ ապաքինման Իր մաղթանքները ներկայացնել: Տ. Քրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոսը մեծապէս զգածուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցելութենէն` իր շնորհակալութիւնը յայտնեց որ Նորին Սրբութիւնը Իր ծանրաբեռնուած այցելութիւններու ընթացքին ժամանակ տրամադրած էր հանդիպելու իրեն եւ աղօթելու իրեն համար: Այս այցելութեան ներկայ էին նաեւ Թամփայի Յոյն Ընդհանուր Հիւպատոսը` Անտրէաս Փիչարիս« Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն երկու եպիսկոպոսներ« Արքեպիսկոպոսի դիւանապետը եւ օգնականները:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը ըսաւ որ Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւնը ունեցող պատմութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը մեծ նշանակութիւն ունին Իրեն համար: Անոնք միասնաբար յիշեցին 2006 թուականի իրենց հանդիպումը Իսթանպուլի մէջ` հրաւէրովը Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարք Պարթոլիմիու Ա.ի եւ Կ. Պոլսոյ Աթոռի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութա
ֆեանի:
Որպէս եղբայրական զգացումներու արտայայտութիւն` Հայոց Հայրապետը Արքեպիսկոպոսին նուիրեց հայկական խաչ մը եւ անոնք միասնաբար աղօթեցին Յունարէն եւ Հայերէն լեզուներով: Իսկ Տ. Քրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոսը Ամենայն Հայոց Հայրապետին նուիրեց արծաթեայ պնակ մը եւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին` սրբանկար մը:
Ամեն. Տ. Քրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոս իր ուրախութիւնը յայտնեց որ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնաժողովը Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ընդունած է:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը ըսաւ որ քիչ ետք պիտի այցելէ Հալիվուտի (Ֆլորիտա) Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցին« ուր ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն հետ պիտի աղօթէ Արքեպիսկոպոսի ապաքինման եւ կատարեալ առողջութեան համար:
Յունաստանի եւ Հայաստանի կապերը շատ զօրաւոր են թէ զգացական եւ թէ պատմական տեսակէտէ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի հրաւէրով` Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քարոլոս Փափուլիսը եւ իր ազնիւ Տիկինը երեք օրուան այցելութեամբ 2007 թուականի Յունիս ամսուան ընթացքին Հայաստան գտնուեցան: 2000 թուականին ալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Յունաստան հրաւիրուած էր:
Այցելութիւն Հալիվուտի (Ֆլորիտա) Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Առաւօտեան ժամը 11:00-ին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր շքախումբով այցելեց Հալիվուտի Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցին« ուր օրհնութիւնը կատարեց Խաչքարի: Ապա` կէսօրուան ճաշ սպասարկուեցաւ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ` ի ներկայութեան Նորին Սրբութեան եւ Իր շքախումբին« Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն« թեմական պատուիրակներուն եւ Հովուապետական Այցելութեան Յանձնախումբի անդամներուն: