աղօթենք ամէն օր որպէս զի Աստուած ստեղծէ աշխարհ մը« որուն մէջ մենք կարենանք ապրիլ որպէս մանուկներ` մաքուր սրտով« պատիւով եւ սիրով: Այս զգացումները եւ այս արժէքները զարդերն են իւրաքանչիւր մանուկի»:
Ապա« Նորին Սրբութիւնը սրբանկար մը նուիրեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ:
Արարողութեան աւարտին` բոլորը անցան Եկեղեցւոյ սրահը« ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` պատրաստուած դպրոցական աշակերտներու կողմէ:
Ամերիկեան եւ Հայկական օրհներգներէն ետք` բարեգալստեան խօսքեր արտասանեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ հովիւ Արժշ. Տ. Տիրան Քհնյ. Պօհաճեան եւ Առաջնորդարանի Երիտասարդական եւ Կրթական Բաժանմունքի համակարգող Ճէնիֆըր Մօրիս:
Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի երեք ամէնօրեայ վարժարաններու« տասնըերկու միօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներ երգերով« արտասանութիւններով« պարերով եւ թատերական ներկայացումով հանդէս եկան:
Նորին Սրբութիւնը ներկայ աշակերտներուն հետ մասնակցեցաւ կէսօրուան ճաշին:
Իր պատգամին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը քաջալերեց ամերիկահայ նոր սերունդը Հայ մնալու եւ արժանաւոր զաւակները ըլլալու Հայ ժողովուրդին:
Այցելութիւն Էմըրսընի (Նիւ Ճըրզի) Տարեցներու Տան
Ամենայն Հայոց Հայրապետը` Իր շքախումբով այցելեց Էմըրսընի Տարեցներու Տունը« ուր տնօրհնէքի արարողութիւն կատարեց« օրհնեց պատսպարեալները եւ աղօթեց անոնց առողջութեան համար: Պատսպարեաներուն կողմէ իր սրտի խօսքը ըսաւ Տարեցներու Տան բնակիչ Արժշ. Տ. ՎահրիՃ Ա. Քհնյ. Շիրինեան« որուն Նորին Սրբութիւնը լանջախաչ մը նուիրեց:
Երիտասարդաց Կազմակերպութեան Կեդրոնական Խորհուրդի ժողով
Յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին` Նորին Սրբութիւնը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանը ժամանեց եւ նախագահենց Երիտասարդաց Կազմակերպութեան Կեդրոնական Խորհուրդի ժողովին: Նորին Սրբութիւնը տեղեկացաւ Կեդրոնական Խորհուրդի ծրագիրներուն եւ Իր յորդորները տուաւ ներկայ անդամներուն:
Հանդիպում գոլէճական Հայ ուսանողներու եւ երիտասարդներու հետ
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին` Նիւ Եորքի Ֆորտհամ Համալսարանի սրահին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ երկու հարիւր գոլէճական Հայ ուսանողներու եւ երիտասարդներու հետ:
Հանդիսասրահ մուտքին` երկու շարք կազմած Շուշի պարախումբի անդամները« հայկական տարազներով« դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը:
Այս հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեցին կազմակերպիչներ` Առաջնորդարանի Գոլէճական Ուսանողներու Յայտագիրի համակարգող Ճուլի Հոփլամազեան եւ անոր օգնական Լիտիա Քիւրճեան:
«Շուշի» պարախումբը քանիցս ելոյթ ունեցաւ: Խօսեցան Թալին Խըթիկ (Շիգակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն)« Կրեկըրի Կիւրոյեան (Ուայթ Փլէյնզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն)« Ալեքս Թոփաքպաշեան (Ուինվուտի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Եկեղեցիէն) եւ Գարլա Կարապետեան (Screamers-ի բեմադրիչ). երաժշտական ելոյթով հանդէս եկաւ Կարինէ Յովնանեան (Չելթընհամի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիէն):
Յայտագիրի աւարտին թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայացուց Ամենայն Հայոց Հայրապետը« որ Իր Անգլերէն լեզուով խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայրապետական այցելութեան կարգախօսն է "Հովուական Այցելութիւն` Հաւատքը Տուն Բերող"« ես ամբողջութեամբ համաձայն չեմ այս կարգախօսին` որովհետեւ հաւատքը հոն է« հաւաքը ձեր տուներուն մէջն է« հաւատքը ձեր սրտերուն մէջն է« հաւատքը ձեր եկեղեցիներուն մէջն է« ձեր համայնքներուն« ձեր հանդիսասրահներուն« ձեր դպրոցներուն եւ ձեր կեանքին մէջ: Մեր հաւատքն է որ մեզի բերաւ Առաքեալները« մեր նախահայրերը« Գրիգոր Լուսաւորիչ« Մեսրոպ Մաշթոց« Սահակ Պարթեւ. անոնք են որ շաղախեցին մեր հաւատքը` մեր կեանքով « մեր ինքնութեամբ« մեր նկարագիրով եւ մեր անունով: Իմ այցելութիւնս մէկ նպատակ ունի` յիշելով այս բոլորը մեր հաւատքը աւելի վառ պահել եւ ուխտել որ հաւատարիմ պիտի մնանք մեր նախահայրերուն եւ մեր հաւատքին»: