Յակոբ Պատրիարք Նալեան. Դրոշմի Խորհուրդի մասին

Յակոբ Պատրիարք Նալեան. Դրոշմի Խորհուրդի մասին 19.10.2026

Դրոշմը մկրտուողներուն հաստատութեան կնինքն է, որ սրբալոյս Միւռոնով կը կնքուի մկրտուողին ճակատը՝ նշանաւոր զինուոր ըլլալու համար Քրիստոսի եւ զանազանուելու անհաւատներէն: Քանի որ այս խորհուրդը ճակատին կը տրուի, որ ամօթխածութեան տեղն է: Տակաւին, այս խորհուրդը կը վերցնէ ամօթը, որպէսզի Քրիստոսի հաւատքը համարձակօրէն դաւանինք:

Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ երեւցաւ, որ կը ծանուցէր դրոշմին խորհուրդը. նաեւ, նոյն Հոգիով անապատ առաջնորդուեցաւ՝ սատանային դէմ պատերազմելու համար: Այդպէս ալ այս խորհուրդը մեզի Միւռոնով կը տրուի եւ կարողութիւն կու տայ պատերազմելու աշխարհին, մարմինին ու սատանային դէմ:

Երրորդ՝ Քրիստոսի մկրտուելուն ժամանակ թէեւ Հայրը կը վկայէ, թէ՝ ա՛տ է Իմ սիրելի Որդիս, սակայն Սուրբ Հոգին Անոր վրայ իջաւ՝ Հօր Աստուծոյ վկայութիւնը հաստատելու համար։ Այդպէս ալ մեր մկրտուելուն ժամանալ. թէեւ Աստուծոյ որդիներ կ’ըլլանք, սակայն Սուրբ Հոգին է, որ կը սորվեցնէ մեզի զԱստուած Աբբա, Հայր կոչել, ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս առաքեալը [տե՛ս Գաղատ. 4.6]:

Չորրորդ՝ այս խորհուրդով մեր մէջ կը հաստատուի մկրտութեան շնորհքը, ինչպէս Դաւիթ մարգարէն կ’ըսէ, թէ՝ հաստատէ՛, ո՜վ Աստուած, ասիկա, որ մեր մէջ գործեցիր մկրտութեան ժամանակ (նման միտքով արտայայտութիւն չունի Դաւիթ մարգարէն: Նալեան Պատրիարքի մատնանշածը թերեւս Սաղմոս 89.17 րդ համարն է, ուր կը կարդանք. «Տէր Աստուծոյ լոյսը թող մեր վրայ իջնէ. ուղղէ՛ մեր ձեռքին գործերը, Տէ՜ր, մեր ձեռքին գործերը յաջողցո՛ւր մեզի»):
Հինգերորդ՝ մարդս Քրիստոսի համար հոգեւոր զինուոր կ’ընէ, որովհետեւ ինչպէս ըմբշամարտները իւղով կ’օծուին, որպէսզի թշնամիին կողմէ չբռնուին, այդպէս ալ մկրտուածները կը դրոշմուին, որպէսզի սատանայէն չբռնուին:

Վեցերորդ՝ այս խորհուրդը կը զարդարէ մարդս ներքին եւ արտաքին գեղեցկութեամբ. ներքնապէս՝ մաքուր խղճմտանքով, իսկ արտաքնապէս՝ բարի համբաւի անուշահոտ բուրմունքով. ասիկա կը ցուցնէ Միւռոնը, որ կը սրբագործուի ձիթենիի ձէթով, բալասանոց, քանի որ ձիթենիին ձէթը լուսաւոր է, իսկ բալասանը՝ անուշահոտ: Եւ թէեւ Միւռոնին հետ բազմաթիւ ծաղիկներ կը խառնուին, սակայն կարեւորն ու անհրաժեշտը այս երկուքն են. իսկ միւս ծաղիկները վայելչական են:
Եօթերորդ՝ այս խորհուրդը կը զօրացնէ մարդուն բարիք գործելու եւ չարին յաղթելու՝ Սուրբ Հոգիին շնորհքով:
Ութերորդ՝ հոգին կը սպառազինէ կնքիով, իսկ մարմինը՝ խաչին նշանով: Հոգիին վրայ դրուած կնիքը երկչոտութիւնը կը վերացնէ, իսկ մարմինինը դիւական երեւումները կը հալածէ:

Ով որ դրոշմի նշանով կը կնքուի,
Քրիստոսի յարմար զինուոր կ’ըլլայ.
եթէ քաջաբար պատերազմի,
մեր Փրկիչէն փառքով կը պսակուի:

Պատարագի գերազանց Խորհուրդի մասին

Հաղորդութիւնը Քրիստոսի մարմինին եւ արեան խորհուրդն է, որ աշխարհի Ծայրագոյն Ճարտարապետը սահմանեց՝ մեզի հոգեւոր սնունդ ըլլալու. գործած մեղքերուն համար՝ քաւութիւն եւ թողութիւն, ապագայի համար՝ զգուշութիւն, եւ ներկայ ժամանակին համար՝ պահպանութիւն: Պէտք է գիտնալ, թէ պատարագը Աստուծոյ սիրոյ նշանն է մեզի եւ մեր սիրոյ նշանը դէպի Աստուած:

Որովհետեւ այս խորհուրդով Աստուած Իր սէրը յայտնեց մեզի եւ Իր անճառելի սիրոյն համար ինչպէս Իր Միածին Որդին խաչին համար՝ իբր մարմին եւ արիւն եւ հոգի չխնայեց, որով մեզ սիրեց, այդպէս ալ կամեցաւ այդ սիրոյ նշանը միշտ պահել մեր մէջ, որպէսզի մենք մտածենք Անոր անճառելի սիրոյն մասին. եւ Անոր փոխարէն բորբոքինք մենք՝ սիրելու համար զԻնք: Այդ պատճառով Ս. Յովհաննէս կ’ըսէ, թէ՝ սիրելինե՛ր, սիրեցէ՛ք զԱստուած, որովհետեւ նախ Ի՛նք սիրեց մեզ [տե՛ս Ա. Յովհ. 4.10]:
Դարձեալ՝ Ս. Աւետարանին մէջ նոյն Ս. Յովհաննէսը կ’ըսէ, թէ՝ Զատիկի տօնէն առաջ Յիսուս գիտցաւ, թէ այս աշխարհէն պիտի երթայ Հօր մօտ. սիրեց իւրայինները, որոնք այս աշխարհէն են, ծայր աստիճան սիրեց զանոնք [տե՛ս Յովհ. 13.1]: Հետեւաբար այս Խորհուրդին նկատմամբ անկասկած հաւատալի է Քրիստոսի անճառելի սէրը: Քանի որ եթէ մարդ մը ուրիշ մարդու մը առանց շահի գումար փոխ տայ, սիրոյ նշան է. եթէ պատիւ կ’ընէ, բարեկամութեան նշան է. իսկ եթէ որպէս յարգանք կամ ի սէր դիմացինին՝ չարչարանք քաշէ, առաւել սիրոյ նշան է: Ապա, ինչքա՜ն աւելի, որ Աստուծոյ Որդին՝ Քրիստոս, սիրեց մեզ, որ առանց փոխարէնի՝ մեր աղքատութիւնը մեծցուց, պատուեց, որով մեզ Իրեն միաւորեց: Մեծ եւ անճառելի բարեկամութիւն ըրաւ մեզի, որ մեզի համար վաստակեցաւ, անօթեցաւ, ծարաւցաւ. Իր մարմինը մեզի կերակուր տուաւ, արիւնը՝ ըմպելի. կողին ջուրը՝ լուացուելու. Իր մայրը՝ Յովհաննէսին. հագուստը՝ բաժնողներուն. իսկ հոգին՝ մեր հոգիին որպէս գին տուաւ Հօր Աստուծոյ: Տե՛ս, ուրեմն, թէ դուն ինչքա՜ն պէտք է սիրես քեզ սիրող Աստուածը:

Արդ, այս խորհուրդին պէտք է չորս բան կատարեալ ըլլայ:

Նախ՝ օրհնողը պէտք է քահանայ ըլլայ:

Երկրորդ՝ նիւթը, ցորենի հաց ըլլայ, իսկ գինին՝ որթատունկի բերքէն:

Երրորդ՝ քահանային դիտաւորութիւնը, թէ այս հացն ու գինին Քրիստոսի բերանով մարմին եւ արիւն Քրիստոսի կ’ընեմ, որովհետեւ եթէ քահանայ մը, որ հացն ու գինին ձեռքին մէջ առնէ առանց օրհնելու մտադրութեան եւ միայն Քրիստոսի խօսքը ըսէ՝ պատմելու մտադրութեամբ, այդ հացն ու գինին խորհուրդ չեն ըլլար:
Չորրորդ՝ խօսքին ձեւը, որ այսպէս է. առէ՛ք, կերէք, ասիկա մարմինս է. եւ խմեցէ՛ք ասկէ, ասիկա արիւնս է:

Իսկ եթէ քահանայ մը հարցնէ, թէ առէ՛ք կերէք ասիկա մարմինս է ըսելով, խմեցէ՛ք ասկէ, ասիկա արիւնս է ըսելով, մարմին եւ արիւն կ’ըլլայ, հապա ինչո՞ւ համար ետքէն կ’ըսենք, թէ՝ որով այս հացն ու գինին ճշմարտապէս մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոս մարմին եւ արիւն ընես. հետեւաբար դեռ չեն եղած: Պէտք է գիտնալ, որ կ’ուզէ ըսել, թէ՝ Հա՛յր Աստուած, Սուրբ Հոգիդ ղրկէ մեզի, եւ այս հացին ու գինիին, որ Քու Միածին Որդիիդ խօսքով այս հացն ու գինին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մարմին եւ արիւն ընէ. ինչպէս որ անցեալին Կոյսին արգանդին մէջ՝ Սրբուհիի արիւնէն Միածին Որդիիդ մարմինը սքանչելապէս ըրաւ: Ուրեմն, այս որ կ’ըսէ, թէ՝ որով, կ’ուզէ ըսել, թէ Քու Միածին Որդիիդ՝ Քրիստոսի խօսքով, որ ըսաւ, թէ՝ ասիկա մարմինս է, եւ ասիկա արիւնս է. այդ խօսքով Դուն այս հացն ու գինի Քու Միածին Որդիիդ մարմինը եւ արիւնը ընես՝ Սուրբ Հոգիովդ փոխարկելով:

Արդարեւ, Քրիստոսի մարմինին եւ արեան մէջ միաւորուած կան Աստուածութիւնն ու բանական հոգին: Որովհետեւ ինչպէս յղացման ժամանակ այն փոքրիկ մարմինին մէջ, որ մարդուն աչքը շատ սուր նայուածքով հազիւ կարենար տեսնել անչափելին Աստուած եւ բանական հոգին միաւորուած էին, այդպէս ալ՝ փոքրիկ նշխարին մէջ եւ անոր բոլոր մասունքներու մէջ. նաեւ բեկանած [կտրած] ատեն, բոլոր նշխարներուն մէջ Քրիստոսի կայ ամբողջ Աստուածութեամբ հոգիով, մարմինով եւ արեամբ, այդպէս ալ արեան մէջ նմանապէս: Օրինակի համար, մեծամեծ լեռներն ու երկինքը մարդ ինչքան որ կրնայ նայիլ, կ’երեւնան հայելիէն ու մարդուն աչքերուն մէջ. նմանապէս փոքրիկ նշխարին եւ անոր բոլոր մասունքներուն մէջ Քրիստոս կայ: Ինչպէս որ հայելին արեգակին առջեւ երբ բռնես, ինքն իր մէջ կ’երեւցնէ արեգակը, եւ եթէ հարիւր կտոր ընես հայելին, այդ հարիւր կտորին մէջ ալ կ’երեւի միեւնոյն արեգակը: Այսպէս ալ մէկ նշխարին մէջ կայ միեւնոյն Քրիստոսը, եւ եթէ հազար բաժին ընես, բոլորին մէջը դարձեալ կայ նոյն մէ՛կ Քրիստոսը, եւ նշխարին բաժանումով Քրիստոսի մարմինը չի՛ բաժնուիր:

Դարձեալ՝ մէկ մարդու մը ձայնը տասը հազար հոգի կը լսէ, եւ մէկ հոգի ալ կը լսէ, սակայն ձայնը մէ՛կ է: Մէկ ծաղիկը մէկ հոգի ալ կը հոտոտայ, եւ հարիւր հոգի ալ, բայց ծաղիկին հոտը միեւոնոյնն է ու չի՛ պակսիր. մէկ ծաղիկը հազար հոգի ալ փոխ առ փոխ իրենց ձեռքին մէջ առնեն, միեւնոյն ծաղիկն է ու չի՛ մաշիր:

Իսկ եթէ հարցնես, թէ Քրիստոսի մարմինին մէջ հոգի եւ Աստուածութիւն կայ, ապա ինչո՞ւ չի խօսիր ու չի շարժիր, կ’ըսեմ. ինչպէս ծառը ձմռան իր արմատին մէջ կենդանական զօրութիւն ունի, բայց չի՛ կանաչնար, ինչպէս նաեւ ննջած մարդուն մէջ հոգի կայ, բայց չի՛ լսեր ու չի՛ տեսներ, այդպէս ալ՝ թէեւ Քրիստոսի մարմինին մէջ բանական հոգի եւ Աստուածութիւն կան, սակայն ինչպէս Քրիստոսի մարմինը արտաքնապէս կը ծածկուի հոտէն, համէն, հացի գոյնէն եւ գինիէն ու աչքերուն չի՛ երեւիր, այդպէս ալ մարմինին ու արեան մէջ հոգի եւ Աստուածութիւն կան, սակայն երեւութապէս չե՛ն գործեր, քանի որ մարմինին համար կերակուր չեն, այլ՝ հոգիին. այդ պատճառով ալ միայն հոգիի աչքերուն կ’երեւին՝ հաւատքի աչքերով: Որովհետեւ, եթէ խօսէր մեզի հետ, պէտք է մարդանման եւ մանկանման երեւնար, իսկ եթէ մարդանման երեւնար, ո՞վ կրնար մարմինը՝ մարմինի նման, եւ արիւնը՝ արեան նման ճաշակել. այդ պատճառով հացին ու գինիին արտաքինով Ինքզինք ծածկեց, որպէսզի մարդը ախորժելով մօտենայ ու ճաշակէ: Դարձեալ՝ ինչպէս արեգակը ամպով կը ծածկուի, իսկ կրակը հրահանի կայծքարին մէջ, այդպէս ալ Քրիստոսի մարմինը՝ հացի եւ գինիի արտաքին կերպարին տակ:

Արդ, ամփոփ կերպով իմացիր, որ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ բազմաթիւ զարմանալիքներ կան:
Նախ՝ որովհետեւ ցորենի հացէն եւ որթի գինիէն կ’ըլլայ:

Երկրորդ՝ որ հացին ու գինիին գոյացութիւնն ու բնութիւնը Քրիստոսի մարմինի եւ արեան կը փոխուի, ինչպէս ջուրը Գալիլիոյ Կանայի հարսանիքին գինիի փոխուեցաւ:
Երրորդ՝ հացին ու գինիին արտաքին տեսակը կը մնան, սակայն հացութիւնն ու գինիութիւնը չկան. այլ՝ միայն պատկերը կը մնայ:
Չորրորդ՝ Քրիստոսի մարմինը փոքրիկ նշխարին մէջ կայ ամբողջութեամբ, եւ նոյն ամբողջը կը գտնուի նշխարի բոլոր մասերուն մէջ. ինչպէս մեր հոգին ամբողջ մարմինին մէջ է եւ մարմինի բոլոր մասերուն մէջ:

Հինգերորդ՝ Քրիստոսի մարմինը ինչքան որ խաչին վրայ էր, այդքան ալ նշխարին մէջն է, ինչպէս եւ հիմա երկինքին մէջ է: Օրինակի համար, ծանրութիւն չունեցող բամպակ մը ինչքա՞ն տեղ կը բռնէ. իսկ երբ ափիդ մէջ հաւաքես, բուռ մը կամ փունջ մը կ’ըլլայ, ու ծանրութիւնը չի՛ պակսիր: Եւ կամ եթէ կաթսայի մը մէջ լեցուն ջուր լեցնես, որ սառն քամիին դիմաց ըլլայ, կը սառի, եւ հազիւ կէս կաթսան կը լեցնէ. սակայն ջուրի չափը նախկինի չափն է [այսինքն՝ լեփ լեցուն եղած ժամանակ], որովհետեւ եթէ եռացնես, նոյն կաթսան կը լեցնէ. այսպէս ալ Քրիստոսի ամբողջ մարմինը կայ փոքրիկ նշխարին մէջ, ինչպէս օխայ մը բամպակ բուռին մէջ:
Վեցերորդ՝ հացին ու գինիին արտաքինը կը մարսուին ուտողներուն կողմէ, բայց Քրիստոսի մարմինը չի մարսուիր, կամ մանրանար, կամ փշրուիր, ինչպէս որ հայելիին մէջ արեգակը կ’երեւի, որ թէեւ հայելին կոտրտես, արեգակը չի՛ կոտրուիր:

Եօթերորդ՝ Քրիստոսի մարմինը ամէն օրհնած նշխարի մէջ միեւնոյնն է եւ չի՛ բազմանար: Օրինակի համար, եթէ իւրաքանչիւր աստղ մէկ մէկ հայելի ըլլար եւ արեգակին դէմը կանգնէին, այդ ամէն հայելիներուն մէջ միեւնոյն արեգակը հաւասար կերպով կ’երեւնար. այդպէս ալ Քրիստոսի մարմինը բոլոր նշխարներուն մէջ միեւնոյնն է:
Տակաւին բազմաթիւ զարմանալիքներ կան Քրիստոսի մարմինին եւ արեան մէջ, որ միայն հաւատքով կ’ըմբռնուին եւ ո՛չ թէ աչքով ու ականջով:

Իսկ Քրիստոսի մարմինի եւ արեան ներգործութեան ու յատկութեան տեսակէտէն ասոնք իմացի՛ր.

Նախ՝ ով որ կ’ուտէ եւ կը խմէ, իր հոգիին մէջ Քրիստոսի մահուան յիշատակը կը կատարէ, որ խիստ ախորժելի է Անոր համար, քանի որ այս Խորհուրդը՝ Քրիստոսի մահուան, Անոր սիրելութեան եւ զմեզ ազատելուն յիշատակն է:

Երկրորդ՝ ներքին զմայլողութիւնը, որ մաքրուած հոգին կ’իմանայ, այդ պատճառով Դաւիթ ըսաւ, ճաշակեցէք եւ տեսէք, թէ Տէրը քաղցր է [տե՛ս Սաղմ. 33(34).9]: Սակայն իւրաքանչիւր մարդ, որ բան մը կ’ուտէ, նախ կը տեսնէ եւ ապա կը ճաշակէ. իսկ Դաւիթ կ’ըսէ, թէ՝ ես ըսի որ ճաշակեց՛էք. ինչո՞ւ. որովհետեւ քաղցր է. սակայն եթէ չէք հաւատար ինծի, ճաշակեցէ՛ք, որ իմանաք: Այս խօսքով խորունկ բան մը կ’իմացնէ մեզի, որ կ’ուզէ ըսել, թէ՝ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը միտքին լուսաւորութիւն կը պատճառեն, մի՛ կամենաք իմանալ, որ ճաշակէք, այլ ճաշակեցէ՛ք, որ իմանաք, ինչպէս որ Կղէոպեան եղբայրները. երբ Քրիստոսէ բեկեալ հացը կերան, անոնց աչքերը բացուեցան:

Երրորդ՝ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը հոգեկան կեանք կու տան, ինչպէս դրախտի մէջի կեանքի ծառը՝ մարմնաւոր կեանք, որ կը սնուցէր ուտողին մարմինը, որ չէր հիւանդանար ու մեռներ: Այսպէս ալ այս կեանքին մէջ Քրիստոսի մարմինը հոգին շնորհքներով կը սնուցէ, իսկ հանդերձեալին մէջ՝ փառքով: Ինչպէս Քրիստոս ըսաւ, ով որ կ’ուտէ մարմինէս ու կը խմէ արիւնէս, ան Իմ մէջ կը բնակի, եւ Ես՝ անոր մէջ [տե՛ս Յովհ. 6.56]. այս է շնորհքը՝ Քրիստոսի մեր հոգիին մէջ բնակիլը: Իսկ ով որ կ’ուտէ ու կը խմէ Իմ մարմինէս ու արիւնէս, յաւիտենական կեանք ունի [տե՛ս Յովհ. 6.54]. այս է փառքը հանդերձալին մէջ, որովհետեւ ինչպէս որ մահը ուտելով մտաւ մեր բնութեան մէջ, այդպէս ալ՝ կեանքը:

Չորրորդ՝ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը զայն սրբութեամբ ճաշակողին զանազան առաքինութիւններ կու տայ. ինչպէս մանանայի պարագային, ուտողը ինչ համ որ ուզէր, այդ համը կու տար, այդպէս ալ Հաղորդութիւնը վերցնողին փափաքով զանազան առաքինութիւններ կու տայ:

Հինգերորդ՝ Քրիստոսի մարմինը մարմնաւոր առողջութիւն կու տայ հոգիով առողջին, ինչպէս որ մարմնաւոր հիւանդութիւն կու տայ հոգիով հիւանդին, ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս առաքեալը [տե՛ս Ա. Կորնթ. 11.27—29]:

Վեցերորդ՝ Քրիստոսի մարմինը շատը մէ՛կ կ’ընէ եւ բաժնուածները կը միաւորէ, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Պօղոս, մէկ մարմին ենք մենք շատերս, քանի որ միեւնոյն հացէն կը վայելենք, այդ պատճառով ալ Հաղորդութիւնը կ’ըսուի, որ է մասնակցութիւն Քրիստոսի եւ իրարու հետ:

Եօթերորդ՝ շնորհ կու տայ արժանաւորապէս ճաշակողներուն, ինչպէս երբ երկինքէն մանանան կ’իջնէր, անոր հետ միասին ցօղ ալ կ’իջնէր. մանանան՝ Քրիստոսի մարմինը, իսկ ցօղը՝ պարգեւուած շնորհները:

Ութերորդ՝ մարդուն Արքայութիւն կը բարձրացնէ. օրինակի համար, առաքեալները Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ուտելէ ետք, գոհաբանական երգեր երգելով, Ձիթենեաց լեռ ելան. իսկ Յուդան, որ արժանաւորապէս չկերաւ, լեռ չբարձրացաւ, այլ երթալով մատնեց Քրիստոսին. ուստի իւրաքանչիւր անարժանապէս ճաշակող Քրիստոսի մատնիչ է:

Իններորդ՝ կը քաջալերէ եւ կը զօրացնէ հոգեւոր պատերազմին մէջ. հետեւաբար Քրիստոս մեզի օրինակ տալու համար նախ Ինքն Իր մարմինէն եւ արիւնէն կերաւ ու խմեց եւ ապա գնաց խաչի չարչարանքներուն:

Տասներորդ՝ որովհետեւ պատարագը խաչին խորհուրդն է. իսկ Քրիստոսի խաչելութեան ատեն բոլոր խորհուրդները զօրութիւն ստացան. հետեւաբար պատարագը կը կոչուի օրհնութիւններու օրհնութիւն, աղօթքներու աղօթք եւ խորհուրդներու խորհուրդ:
Շարունակելի

«Քրիստոնէական Ուսանելի», 1806

Աշխարհաբարի վերածեց
Վարանդ (Յակոբ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆԸ