Յակոբ Պատրիարք Նալեան. Ապաշխարութեան Խորհուրդի մասին
19.10.2026
Ապաշխարութիւնը գործած մեղքերը լալը եւ այլևս զանոնք չգործելն է: Դարձեալ՝ ապաշխարութիւնը մեղքերու չափին համաձայն՝ կամաւորապէս պատիժ կրելն է. որովհետև ով որ կ’ապաշխարէ կամ իր գործած չարիքը կու լայ, կամ՝ այդ ողբալի չարիքը չի՛ գործեր եւ կամ մեղքերուն համաձայն՝ պատիժը կամաւորապէս կը կրէ: Քանի որ, եթէ մեղաւորը այս կեանքին մէջ մեղքերուն պատիժը կամաւորաբար չկրէ, հանդերձեալին մէջ ակամայ կը կրէ եւ չի՛ օգտուիր:
Արդ, ապաշխարութիւնը զանազան կերպերով է. որովհետև ապաշխարութիւն կայ, որ կեղծ կ’ըսուի, կեղև ունի, սակայն մէջը պարապ է. այսպէս էր Կայէնի ապաշխարութիւնը, որ միայն աչքն ու երեսը խոնարհեցուց եւ ո՛չ թէ սիրտը. այդ պատճառով ալ Աստուած ըսաւ, թէ՝ ուղիղ չես մատուցեր:
Երկրորդ՝ սուտ ապաշխարութիւն, որ մարդ ապաշխարելէն ետք դարձեալ նոյն չարիքը կը գործէ. ինչպէս Սաւուղը, որ թէեւ Դաւիթ մարգարէին յաճախ մեղայ ըսաւ, բայց միշտ կը ջանար սպաննել զինք: Նաեւ Սիմոն Կախարդը առաքեալներուն ըսաւ, թէ՝ ինծի համար Աստուծոյ աղաչեցէք, որպէսզի վրաս չարիք չգայ, սակայն ինք չդադրեցաւ չարիք գործելէ, ինչպէս նաեւ ինք ջանք չըրաւ, այլ ուրիշներուն պատուիրեց ապաշխարել իր փոխարէն, այդ պատճառով ալ չարդարացաւ, քանի որ չըսաւ, թէ՝ ես ալ ձեզի հետ Աստուծոյ աղաչեմ, այլ թէ՝ դո՛ւք աղաչեցէք ինծի համար:
Երրորդ՝ մէկուն [ապաշխարութիւնը] ուշ կ’ըլլայ, ինչպէս էր Աքարի ապաշխարութիւնը [կարդա՛ Յես. 7 րդ գլուխ], որ մեղքը ծածուկ ըլլալով չխոստովանեցաւ, այլ երբ յայտնի եղաւ մեղքը, այն ատեն մեղայ ըսաւ, սակայն թողութեան փոխարէն քարկոծուեցաւ: Այսպէս էր նաեւ Սաւուղի ու Յուդայի մեղան: Բայց թշնամին, որ դռան կը հասնի, տարբերութիւն չի՛ դներ հարուստին ու աղքատին միջև. ուստի Յուդան ինքզինք կախեց ակամայ ապաշխարելով եւ չարդարացաւ:
Չորրորդ՝ մէկուն [ապաշխարութիւնը] բռնադատուած է, որով մարդը ակամայ կ’ապաշխարէ՝ տեսնելով, թէ փորձութիւնը շրջապատեց զինք: Ինչպէս կ’ըսէ Դաւիթ մարգարէն, շատցան անոնց հիւանդութիւնները, որ ասկէ ետք յաճախակի պիտի ըլլան [Սաղմ. 15.4]: Իսկ ինքն իր համար կ’ըսէր, թէ՝ դարձեալ ինկայ թշուառութեան մէջ, որովհետև փուշերը ծակեցին զիս [Սաղմ. 31.4]: Այսինքն՝ Նաթան մարգարէին յանդիմանութիւնները, իբրև փուշ մտան Դաւիթի սիրտին մէջ՝ շնութեան եւ մարդասպանութեան պատճառով:
Հինգերորդ՝ մէկունը անօրէն ապաշխարութիւն է, ինչպէս Յուդայինը, որ ճշմարիտ Քահանայապետը՝ զՔրիստոս, ձգեց եւ գնաց ու մեղայ ըսաւ սուտ քահանայապետներուն, որով հոգիով ու մարմինով դատապարտուեցաւ: Նաեւ Աստուծոյ դէմ մեղանչեց, եւ Աստուած Իրմէ հեռացուց՝ պատռեց զայն, եւ ան գնաց թշնամիները Աստուած դաւանեցաւ ու չարդարացաւ. այսպէս է կարգ մը մարդոց ապաշխարութիւնը, որ ոմանց կը զրկէ եւ ոմանց ալ ողորմութիւն կու տայ:
Վեցերորդ՝ մէկունը անկարողութենէ [բխած ապաշխարութիւն է], ինչպէս մարդ մը մեղայի կու գայ, երբ այլևս չի կրնար մեղանչել, որով ո՛չ թէ ինք մեղքը կը ձգէ, այլ մեղքը զինք կը ձգէ:
Եօթներորդ՝ մէկունը յուսահատ ապաշխարութիւն է, ինչպէս դատապարտեալներուն ապաշխարութիւնն է դժոխքին մէջ, որոնք տանջանքներու կսկիծէն կու լան եւ կ’ողբան եւ ոչինչով կ’օգտուին, ինչպէս կ’ըսէ Սողոմոն Իմաստունը. անոնք իրենց հոգիի նեղութենէն ճնշուած՝ հոգոց պիտի հանեն ու զղջալով պիտի ըսեն [տե՛ս Իմաստ. 5.3]:
Ութերորդ՝ սնափառութեան ախտէն կատարուածը, ինչպէս էր Եսաւի ապաշխարութիւնն ու լալը, որ որկրամոլութեամբ անդրանկութիւնը կորսնցուց ու լալով օրհնութիւն խնդրեց սնափառութեան պատճառով եւ ոչինչով օգտուեցաւ:
Իններորդ՝ ձևական, ակամայ եւ սուտ ապաշխարութիւն, ինչպէս էր փարաւոնի ապաշխարութիւնը, որ հարուած ստանալով՝ կը կակուղնար, սակայն հարուածներէն ազատելով՝ կը կարծրանար. պատիժը կը կրէր՝ մեղայ կ’ըսէր, եւ երբ պատիժէն ազատէր, կը քարանար:
Իսկ մեղքերու ճշմարիտ ապաշխարութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ սիրտը դառնացնելուն եւ հայրենի գաւառէն՝ Երկինքի Արքայութենէն հեռանալուն համար [ապաշխարելը] լալն է: Այսպիսի ապաշխարութեամբ մը արդարացան Դաւիթ մարգարէն ու Մարիամ Մագթաղենացին: Որովհետև Դաւիթ, մեղայ ըսելէ բացի, Նաթան մարգարէէն լսեց, թէ՝ Տէրը մեղքերդ անցուց քեզմէ [վրայէդ]: Իսկ Մարիամ Մագթաղենացին, որ արցունքներով Քրիստոսի ոտքերը լուաց, Քրիստոսէ լսեց, թէ՝ մեղքերդ ներուած թող ըլլան: Պետրոս առաքեալը, որ դառնապէս լացաւ ուրացութեան մեղքը, յարութենէն ետք Քրիստոս այր մարդոց մէջ առաջինը իրեն երևցաւ ու մխիթարեց: Տե՛ս, թէ ճշմարիտ ապաշխարութիւնը՝ առիւծը՝ զԱստուած, ինչպէս խոնարհ Գառն կ’ընէ եւ զարհուրելի Դատաւորը՝ գթած Հայր կ’ընէ: Հետևաբար, սիրելի՛ եղբայր, մի՛ յուսահատիր, քանի որ Աստուած քաղցր է ապաշխարողներուն նկատմամբ. չ’ամչցար աղտոտուելէ, մի՛ ամչնար լուացուելէ:
Տակաւին, ապաշխարութիւնը պէտք է դառն ու լեղի ըլլայ, որովհետև հոգիի լաց է, ինչպէս անդրանիկ եւ միակ զաւակ կորսնցուցած մօր սուգը: Անդրանիկ [մէկ հատիկ] զաւակիդ համար սո՛ւգ ըրէ, կ’ըսէ քեզի Երեմիա մարգարէն:
Երկրորդ՝ ապաշխարութիւնը պէտք է կամաւոր ըլլայ, քանի որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կ’ըսէ, թէ՝ ակամայ եղածը կատարեալ սէր չէ եւ ոչ ալ կատարեալ առողջութիւն, որովհետև ուրախութեամբ պէտք է ընենք զայն, որ յաւիտենականութեան ժառանգորդներ ենք:
Երրորդ՝ պէտք է կատարեալ ըլլայ. ապաշխարութիւնը այն ատեն կատարեալ կ’ըլլայ, երբ զղջումով, խոստովանութեամբ եւ հատուցումով կ’ըլլայ. իսկ հատուցելը բոլոր մեղքերէն կամաւորաբար քաշուիլն է:
Չորրորդ՝ պէտք է փութով ըլլայ, ինչպէս կ’ըսէ Սիրաք Իմաստունը, մի՛ դանդաղիր Տիրոջ դառնալու:
Հինգերորդ՝ ապաշխարութիւնը սրտանց պէտք է ըլլայ, ինչպէս կ’ըսէ Ամովս մարգարէն (ո՛չ թէ Ամովս, այլ Յովէլ մարգարէն.— Վ. Ք.). ձեր ամբողջ սիրտով Աստուծոյ դարձէք, պահքով, լալով ու ողբով [տե՛ս Յովէլ 2.12]. նինուէացիները այսպէս ապաշխարեցին:
Վեցերորդ՝ ապաշխարութիւնը պէտք է համբերութեամբ ու յարատևութեամբ ըլլայ, ինչպէս ըսաւ Քրիստոս, թէ՝ ով որ համբերէ (ապաշխարութեան մէջ.— նշումը Նալեան Պատրիարքինն է), ան պիտի ապրի [Մատթ. 24.13]:
Եօթներորդ՝ ապաշխարութիւնը յետաձգելի չէ, ինչպէս անառակ որդին մտածեց իր խեղճութեան մասին ու ըսաւ, թէ՝ ելլեմ ու երթամ հօրս մօտ, եւ անմիջապէս եկաւ հօր մօտ ու ըսաւ, թէ՝ մեղանչեցի երկինքին ու քու առջևդ [կարդա՛ Ղուկ. 15.11—32]:
Ութերորդ՝ խոնարհութեամբ եւ սիրտի մորմոքումով, ինչպէս մաքսաւորը կը ծեծէր իր կուրծքը եւ գետնին նայելով՝ գլուխը խոնարհեցուցած, կ’ըսէր. Աստուա՜ծ, քաւէ՛ մեղաւորիս. եւ իր տուն գնաց արդարացած [տե՛ս Ղուկ. 18.13—14]:
Իններորդ՝ ապաշխարութիւնը անմիջապէս պէտք է ըլլայ: Անմիջապէսը այն է, որ յանկարծ բարի մտածում մը կու գայ մարդուս միտքին՝ թէ խոստովանիմ, մարդ այդ առիթը պէտք չէ փախցնէ. ով գիտէ, թերևս այդ դրդումը Աստուծմէ է, որով եթէ մարդ այդ պահը անտեսեց, կրնայ ըլլալ, որ յետոյ կամենայ, բայց առիթ չունենայ:
Հետևաբար Քրիստոս ըսաւ, թէ այնքան ատեն, որ լոյսը ձեզի հետ ունիք, գացէք լոյսին, որպէսզի խաւարը չտիրէ ձեզի [Յովհ. 12.35], որովհետև գիշերը կու գայ, երբ ո՛չ ոք կրնայ գործել: Ուստի վարդապետները կ’ըսեն. ժամանակ կու գայ, երբ կը կամենաս զղջալ, սակայն չե՛ս կրնար, որովհետև երբ կրնայիր, չկամեցար:
Արդ, ապաշխարութիւնը բազմաթիւ բարութիւններու պատճառ կ’ըլլայ։
Նախ՝ քանի որ զԱստուած կը հաշտեցնէ, ինչպէս մարգարէն կ’ըսէ. հաշտուած եմ քեզի հետ տառապողդ ու խախտուածդ [տե՛ս Ես. 57.14—20, Սաղմ. 146.3]:
Երկրորդ՝ հինցածը վերստին կը նորոգէ, ինչպէս յայտնի է անառակ որդիի նոր հագուստէն [Ղուկ. 15.22]:
Երրորդ՝ զԱստուած եւ հրեշտակները կ’ուրախացնէ, քանի որ երկինքի մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ [Ղուկ. 15.7]:
Չորրորդ՝ տառապեալն ու յոգնածը կը հանգստացնէ. Ինծի՛ եկէք բոլորդ՝ յոգնածներ եւ ծանրաբեռնուածներ, եւ Ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի, կ’ըսէ Քրիստոս [Մատթ. 11.28]:
Հինգերորդ՝ Աստուծոյ սուրը յե՛տ կը դարձնէ, ինչպէս որ ապաշխարող Դաւիթին համար Աստուած հրեշտակին ըսաւ, թէ՝ սուրդ իր պատեանը դարձուր [Ա. Մնաց. 21.27]:
Վեցերորդ՝ գերութենէ կը փրկէ, ինչպէս Մանասէ թագաւորը դարձուց իր թագաւորութեան [Բ. Մնաց. 33]:
Եօթներորդ՝ դրախտ կը տանի, ինչպէս աջակողմեան աւազակը [Ղուկ. 23.43]:
Ութերորդ՝ մաքսաւորը աւետարանիչ կ’ընէ, ինչպէս Մատթէոսը, եւ հալածիչը՝ առաքեալ, ինչպէս Պօղոսը:
Իններորդ՝ մեռած հոգին կը կենդանացնէ, ինչպէս Աստուած ըսաւ, մեղաւորը եթէ դարձի գայ, ապրելով պիտի ապրի ու պիտի չմեռնի [Եզեկ. 18.21]:
Տասներորդ՝ մարդս առաքինութեան զանազան պտուղներով կը զարդարէ, ինչպէս ըսաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը. ասկէ ետք ապաշխարութեան արժանի գործեր կատարեցէ՛ք [Մատթ. 3.8]:
Տասնմէկերորդ՝ մարդուն ժամանակաւոր կեանք կու տայ, ինչպէս Եզեկիա թագաւորին տասնհինգ տարի տուաւ [Դ. Թագ. 20.1—6]:
Տասներկրորդ՝ Աստուծոյ պատկերը կը նորոգէ [մարդուն մէջ], ինչպէս յայտնի է անառակ որդիի մատանիէն [Ղուկ. 15.22]. սատանային գլուխը կը կոխէ, ինչպէս յայտնի է ոտքերու կօշիկներէն [Ծննդ. 3.15]. արժանի կ’ընէ Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին, ինչպէս յայտնի է պարարտ եզէն. կորսուածը կը գտնէ [տե՛ս Ղուկ. 15.4—6]. մեռածը կը կենդանացնէ, ինչպէս ըսաւ, որովհետև այս որդիս մեռած էր եւ ողջնցաւ, կորսուած էր եւ գտնուեցաւ [տե՛ս Ղուկ. 15.32]:
Այս Սուրբ Խորհուրդը արգիլողները ասոնք են.
Սիրտի վախկոտութիւն, որ ձիու նման իր ստուերէն կը վախնայ:
Ամօթ. բայց ամօթը մոլութիւններու սանձ է: Զարհուրիլը պատիժէն, որ խոստովանահայրը կը դնէ. սակայն, ինչքան ծանր ըլլայ ապաշխարութիւնը, դժոխքի տանջանքներուն ստուերն իսկ չէ:
Մեղքերու ախորժելիութիւնը, բայց ժամանակաւորապէս կը զուարճացնէ, եւ յաւիտենապէս կը տանջէ:
Երկար կեանքի յոյսը, բայց կացինը ծառի բունին է, որ է մահը՝ հոգիին ու մարմինին մէջ:
Յուսահատութիւն Աստուծոյ շնորհը ընդունելու. սակայն քեզի օրինակ թող ըլլայ Մարիամ Մագթաղենացին:
Երկիւղ դարձեալ մեղքի մէջ իյնալէ. բայց Քրիստոս կ’ըսէ, եկո՛ւր, դուն, որ մեռելներուն մէջ կը ննջես [հմմտ. Յովհ. 11.43—44], իսկ Յովհան Ոսկեբերանը կ’ըսէ. ինչքան գլորիս, դարձեա՛լ կանգնիր:
Մեղանչողին օրինակը. բայց, եթէ մեղանչողին հետևեցար, հետևէ՛ նաեւ ապաշխարողին:
Մեղանչելու սովորութիւնը, սակայն, եթէ սատանան կրնայ մեղքեր սորվեցնել, եւս առաւել Աստուած կրնայ բարեգործութիւններ սորվեցնել:
Վերջինը՝ յանդգնաբար եւ առանց զղջալու յուսալն է Աստուծոյ ողորմութեան. ասիկա Սուրբ Հոգիին հայհոյութիւնն է. բայց, եթէ Աստուծոյ արդարութենէն չենք վախնար, ապա Անոր ողորմութենէն պէտք է ամչնանք եւ մեղքերէն յե՛տ դառնանք:
Այս եւս պէտք է գիտնալ, որ ապաշխարութիւնը երեք մաս է. զղջում, խոստովանութիւն եւ հատուցում՝ գործած մեղքերու՝ ապաշխարութեան միջոցաւ: Զղջումը սիրտին սաստիկ ցաւն է մեղքերու տհաճութեան համար եւ կսկծալը՝ զԱստուած դառնացնելուն համար, մտածել խոստովանութեան եւ [մեղքին] փոխարէն պատիժ կրելու մասին: Որովհետև, մեղքը կա՛մ միտքով կը գործուի, կա՛մ բերանով եւ կա՛մ գործով:
Միտքին պատիժը սիրտին ցաւն ու զղջումն է: Բերանինը՝ խոստովանութիւնը: Գործինը՝ ապաշխարութիւնը: Սակայն թէ՛ բերանի եւ թէ՛ գործածի պարագային, սիրտը պէտք է զղջայ, քանի որ ի՛նք եղած է պատճառը անոնց գործելուն:
Դարձեալ՝ սիրտով պէտք է մեղքերէն գարշինք. բերանով՝ մենք մեզմէ պէտք է գանգատինք. գործով՝ մեղքերուն պատիժը կրենք:
Դարձեալ՝ մարդ մեղանչելով զԱստուած կը զայրացնէ, եկեղեցին [հաւատացեալները] կը գայթակղեցնէ, ինքզինքին կը վնասէ: Պէտք է զղջումով զԱստուած հաշտեցնել, խոստովանութեամբ՝ եկեղեցին, եւ ապաշխարութեամբ՝ ինքն իր հետ:
Դարձեալ՝ Քրիստոս երեք մեռածներ յարուցեց. մէկը՝ տան մէջ՝ յօրինակ սիրտի մեղքերուն: Մէկը դռան մօտ՝ յօրինակ բերանի մեղքերուն: Իսկ Ղազարոսը՝ գերեզմանէն՝ յօրինակ գործով մեղքերուն:
Իսկ խոստովանութիւնը հոգիին ծածուկ հիւանդութիւնը յայտնելն է՝ թողութեան յոյսով: Որովհետև խոստովանութեան նիւթը մեղքն է. խոստովանութեան գործը՝ ծածկուած վէրքը յայտնելը, իսկ վախճանը թողութիւնն է:
Խոստովանութիւնն ալ երեք կերպ է. քանի որ խոստովանութիւն կայ, որ կ’ըսուի գոհութիւն եւ շնորհակալութիւն՝ ստացած բարութիւններու, որ Աստուծմէ են:
Խոտովանութիւն կայ, որ Աստուծոյ ճշմարտութեան վկայութիւն է, եւ ասիկա հաւատքի խոստովանութիւնն է:
Խոստովանութիւն ալ կայ, որով մեր պակասութիւնն ու հիւանդութիւնը կը յայտնուի քահանային՝ թողութեան յոյսով. եւ ասիկա մեղքերու խոստովանութիւնն է, որովհետև վէրքը, որ ծածուկ կը մնայ, անբժշկելի կ’ըլլայ:
Այլև՝ Քրիստոս, որ երկնաւոր Բժշիկն էր ու դեղի եւ հնարքի կարօտ չէր, աշխարհէն ելլելէ ետք, Իր փոխանորդները՝ քահանաները, ձգեց [կարգեց] եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի իրենց տրուած իշխանութեամբ խոստովանողներուն մեղքերը ներեն: Ասիկա այն ատեն յստակեցուց, երբ բորոտներուն ըսաւ, թէ՝ գացէ՛ք եւ դուք ձեզ քահանաներուն ցոյց տուէք, թէ ինչ պատճառով այդ բորոտութեան հանդիպած էք: Տակաւին, Նոր Օրէնքին մէջ մեղքը հոգիի բորոտութիւն մըն է, որ պէտք է քահանաներուն յայտնենք, քանի որ քահանաները Աստուծոյ աչքն են, ինչպէս Աստուած ըսաւ՝ ձեր չարիքները Իմ աչքերուս առջև թօթափեցէ՛ք [հմմտ. Եզեկ. 18.30—31]:
Արդ, պէտք է բարեպաշտօրէն խոստովանին, [գործած մեղքի] պարագաներով հանդերձ պէտք է խոստովանինք, որովհետև պարագաները կը ծանրացնեն ու կը թեթևցնեն մեղքերը, քանի որ ա՛յլ է կարգ ունեցողի մը [հոգևորականի] մեղանչումը եւ ա՛յլ՝ աշխարհականինը. ա՛յլ է սուրբ վայրի մը մէջ մեղանչումը, եւ ա՛յլ՝ հասարակ վայրի մը մէջ: Մեղքին մէջ յարատևելը տկարութեան պատճառո՞վ էր, թէ՞ ստիպողաբար. կամաւորաբար ու գիտակցաբա՞ր, թէ՞ ակամայ եւ անգիտութեամբ: Ժամանակը, թէ՝ Տէրունակա՞ն օրով էր, կա՞մ սովորական օրուայ մը մէջ. կամ քիչ փորձութեամբ մեծ մեղքերու մէջ ինկար ու չհակառակեցար: Կամ ուխտի դէմ մեղանչել՝ ուխտելով ու չկատարելով: Կամ կուսութիւն եւ կրօնաւորութիւն խոստացար եւ յետ կեցար: Թէ ի՞նչ տեսակի մեղքերով աղտոտեցար:
Որովհետև բաւական չէ, որ ըսես, թէ՝ եօթը մահացու մեղքերէն մէկը գործեցի, ու մեղքին անունը ծածկես: Թէ ո՞ր աստիճանի մէջ գտնուեցար. քահանա՞յ էիր, թէ՞ եպիսկոպոս եւ այլն: Կամ թէ՝ նշանաւոր եւ անուանի մա՞րդ էիր եւ ուրիշներուն շատ գայթակղութիւն պատճառեցի՞ր: Կամ թէ՝ քանի՞ անգամ ինկար: Եւ թէ տարիքդ փո՞քր էր, թէ՞ կատարեալ եւ ծեր, կամ՝ ա՞յր, թէ՞ էգ: Եւ թէ՝ մեղքերէն ո՞ր մեղքին մէջ ինկար: Եւ թէ՝ ի՞նչ եղանակով ու ի՞նչ ձևով մեղանչեցիր: Կամ թէ՝ նախանձի՞ պատճառով յափշտակեցիր, թէ՞ ագահութեան: Ահա ասոնց պարագաներ կ’ըսուին:
Եւ թէ ինչպէ՞ս պէտք է խոստովանիլ.
Նախ՝ մեղքերու մէջ պէտք չէ յարատևես, այլ շուտով խոստովանիս, որպէսզի սովորութիւն չդառնայ:
Երկրորդ՝ յաճախ եւ պարբերաբար, տարին նուազագոյնը երեք անգամ, եւ եթէ մարդ մը մէկ անգամ չխոստավանի, զո՛ւրկ է քրիստոնէութենէ:
Երրորդ՝ խոստովանելի են նաեւ պարագաները:
Չորրորդ՝ ընտրութեամբ եւ հեծեծանքով ու լաւ խոստովանահայր գտնելով:
Հինգերորդ՝ ամօթի պատճառով մեղքը չծածկել:
Վեցերորդ՝ բարի ամօթխածութեամբ խոստովանիլ եւ ո՛չ թէ լրբութեամբ:
Եօթներորդ՝ կարգ ու կանոնով պէտք է խոստովանիլ եւ ո՛չ թէ այստեղ ու այնտեղ ցատկռտելով, քանի որ ցատկռտելով շատ մեղքեր կը մոռցուին:
Ութերորդ՝ պէտք է խոնարհաբար խոստովանիլ.
Նախ՝ սիրտով պէտք է խոնարհիլ Աստուծոյ առջև, թէ՝ Աստուծոյ շնորհներուն արժանի չեմ.
բ. Մարմինով գլուխը խոնարհեցնելով եւ գետնին նայելով քահանային առջև՝ իբրև Աստուծոյ փոխանորդ:
Իններորդ՝ պէտք է ամբողջութեամբ խոստովանիլ եւ ո՛չ թէ հատակտուր:
Տասներորդ՝ պէտք է սիրով խոստովանիլ եւ ո՛չ թէ ակամայ ու ստիպողաբար, որովհետև շունը եթէ ստիպողաբար որսի տարուի, իր տիրոջ օգուտ չի՛ տար:
Տասնմէկերորդ՝ պէտք է արցունքներով խոստովանիլ, քանի որ խոստովանութեան ընթացքին արցունքը լուացումի հոգևոր բաղնիք է:
Տասներկրորդ՝ մտածուած կերպով պէտք է խոստովանիլ. մէկ երկու օր առաջ պէտք է մտմտալ մեղքերուն մասին, որպէսզի խոստովանութեան ժամանակ չմոռցուին:
Տասներեքերորդ՝ հնազանդութեամբ պէտք է խոստովանիլ, որպէսզի քահանան ի՛նչ ապաշխարութիւն որ սահմանէ, խոստովանողը յանձն առնէ կատարել:
Տասնչորրորդ՝ յատուկ կերպով պէտք է խոստովանիլ, որովհետև խոստովանողը ինքն իրմէ պէտք է գանգատի, եւ ո՛չ թէ ուրիշ մարդ մը պատճառ պէտք է բռնէ:
Ով որ զղջայ, խոստովանի եւ ապաշխարէ,
իր անհուն մեղքերուն՝ շուտով դեղ կը գտնէ:
Վերջին Օծումի Խորհուրդի մասին
Վերջին Օծումի Խորհուրդը ներելի մեղքերուն համար սահմանուած է, ինչպէս ապաշխարութիւնը՝ մահացու մեղքերուն: Տակաւին, այս Խորհուրդը խափանուած չէ, այլ միայն ժամանակը փոխուած, որ Դրոշմէն ետք կը տրուի: Ոմանք Աւագ Հինգշաբթիի ոտնլուան եւս Վերջին Օծումին տեղ կը կատարեն:
Նաեւ՝ այս Խորհուրդը այդքան ալ հարկաւոր չէ, որ եթէ մէկը չկատարէ, փրկութենէն կը զրկուի, ինչպէս կ’ըսէ լատինացիներու վարդապետը՝ Թովմաս Ագուինացին: Որովհետև, վերջին հարկաւորութեան պարագային կատարեալ զղջումը այս Խորհուրդին պակասը կը լեցնէ:
Ապաշխարելը՝ մահացու մեղքերուն դեղն է,
Վերջին Օծումը՝ ներելի մեղքերուն սպեղանին:
Շարունակելի
«Քրիստոնէական Ուսանելի», 1806
Աշխարհաբարի վերածեց
Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան