Յակոբ Պատրիարք Նալեան. Ձեռնադրութեան, այսինքն՝ քահանայութեան խորհուրդի մասին
Ձեռնադրութիւնը Եկեղեցւոյ նշանն է, որով ձեռնադրուածին հոգևոր իշխանութիւն կը պարգևուի: Արդ, ձեռնադրութիւն ըսելով՝ կը զանազանէ քահանայութիւնը ռամիկ ժողովուրդէն եւ խառնիճաղանճէն: Իսկ նշան ըսելով, կ’որոշէ նշան չունեցողներէն, որոնք որևէ մէկ ձեռնադրութեամբ նշանաւորուած չեն: Իսկ եկեղեցւոյ ըսելով, կը զանազանէ ձեռնադրութիւնն ու նշանը ուրիշ նշաններէ: Օրինակ՝ Նոյի ժամանակ Աստուծոյ հաշտութեան նշան իբրև՝ ծիածանը ըսուեցաւ. Աբրահամի ժամանակ՝ թլփատութիւնը: Երկինքի նշաններն են տասներկու կենդանակերպերը: Հիւսիսարևելեան պաղ հովը պարզութեան [եղանակի] նշան է, արևելեան ամպը՝ անձրևի նշան, գարնան նշանը՝ ծառերուն տերևն է, իսկ ձմռան նշանն ալ՝ ձիւնն է: Այսպէս ալ եկեղեցւոյ նշանը ձեռնադրութիւնն է. ատոր համար նախ ըսուեցաւ, թէ ձեռնադրութիւնը նշան է:
Սակայն նշանը տեսակ տեսակ [զանազան] կ’ըլլայ. եկեղեցւոյ նշանը ինչպիսի՞ նշան ըսուեցաւ: Որովհետև եկեղեցի անունը հրեշտակներուն եւ ընտրեալներուն համար կ’ըսուի, եւ թէեւ հրեշտակները՝ երկնային քահանայապետութիւններ կ’ըսուին, սակայն, քահանայութիւնը ձեռնադրութեամբ չեն առած, այլ՝ ստեղծմամբ. այդ պատճառով ըսուեցաւ, թէ ձեռնադրուածին հոգևոր իշխանութիւն կը պարգևուի: Քանի որ չար եկեղեցի եւ չարերու ժողով ալ կայ, որ հոգևոր իշխանութիւնը չունի՝ ձեռնադրութեամբ. ատոր համար ըսուեցաւ հոգևոր իշխանութիւն: Որովհետև, ինչպէս Աստուած երկրաւորները երկնաւորներու միջնորդութեամբ կը կառավարէ, այդպէս ալ եկեղեցին քահանայական իշխանութեամբ կը կառավարէ: Արդարև, նախքան քահանայութիւնը գլուխին մազը խաչաձև կը կտրուի, եւ գագաթը՝ թագի ու կլոր պսակի նման՝ բաց կը ձգուի, նշանակելու համար, թէ՝ բարձրեալ Աստուծոյ սպասաւոր է, որուն ծառայելը թագաւորել է: Ինչո՞ւ. որովհետև եկեղեցականներուն թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ, ատոր համար մազերը կտրելէն ետք անոր ձեռքը աւել կը տրուի, որ կը ցուցնէ, թէ՝ Աստուծոյ տունը աւլողը երկինքի մէջ պիտի թագաւորէ, եւ թէ՝ լաւ է Աստուծոյ տունը աւլել, քան մեղաւորներու յարկերէն ներս բնակիլ:
Ձեռնադրութեան խորհուրդին համար վեց բան անհրաժեշտ է:
Նախ՝ ձեռնադրողը եպիսկոպոս ըլլայ:
Երկրորդ՝ նիւթը, որ է օծումը ու պատշաճաւոր գործածելիքը, որոնք կը տրուին ձեռնադրուողին՝ շօշափելու համար:
Երրորդ՝ խօսքին ձեւը:
Չորրորդ՝ ձեռնադրուողը պէտք է արու ըլլայ, որովհետև կին մարդը ընդունակ չէ ձեռնադրութեան կնիքին:
Հինգերորդ՝ ուղիղ դիտաւորութիւն:
Վեցերորդ՝ ձեռնադրուողը պէտք է մկրտուած ըլլայ:
Արդարև, քահանայութեան կարգն ու աստիճանները եօթն են:
Առաջինը դռնապանութիւնն է: Դռնապանին գործն է սրբութեան վայրը պահել ու պահպանել պիղծերէն ու բանադրուածներէն: Ասիկա Քրիստոս ցոյց տուաւ մեզի, երբ չուանէ խարազանը առաւ եւ անարժան վաճառողներն ու գնողները տաճարէն վռնտեց [տե՛ս Յովհ. 2.13—16]:
Երկրորդը ընթերցողութիւնն է: Ընթերցողին գործն է կարդալ մարգարէական գիրքերը: Ասիկա Քրիստոս ցոյց տուաւ մեզի, երբ Եսայի մարգարէին գիրքը բացաւ եւ ոտքի ելաւ ընթերցելու [տե՛ս Ղուկ. 4.14—21]:
Երրորդը երդմնեցողութիւնն է: Երդմնեցողին գործն է մկրտութեան եկողները հրաժարեցնել սատանայէն, աղօթքներով դևերը հալածել դիւահարներէն՝ երդմնեցնելով Տիրոջ անունով: Ասիկա Քրիստոս յայտնեց մեզի՝ դևերը հանելով ու առաքեալներուն ըսելով, թէ՝ հանեցէ՛ք դևերը, հիւանդները բժշկեցէ՛ք [տե՛ս Մատթ. 10.8]:
Չորրորդը ջահընկալութիւնն է: Ջահընկալին գործը վառած մոմերը ձեռքը բռնելն է Սուրբ Խորհուրդներու եւ Աւետարան կարդալու ընթացքին: Վառուած մոմը կը ցուցնէ Աւետարանին լոյսը: Ասիկա Քրիստոս յայտնեց մեզի, երբ ըսաւ, թէ՝ Ես եմ աշխարհի լոյսը [տե՛ս Յովհ. 8.12]. իսկ առաքեալները այն ատեն ջահընկալ ըրաւ, երբ ըսաւ անոնց, թէ՝ դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը [տե՛ս Մատթ. 5.14—16]:
Հինգերորդը կիսասարկաւագութիւնն է: Կիսասարկաւագին գործը նուէրները առնելն է բերողներէն ու սարկաւագին տալ: Ասիկա Քրիստոս յայտնեց մեզի, երբ մէջքին գօտին կապեց ու լուաց աշակերտներուն ոտքերը [տե՛ս Յովհ. 13.4—15]: Նաեւ, սկիհը, մաղզման, գինիին ամանն ու նշխարը սարկաւագին տանիլ, ինչպէս նաեւ սեղանին կտորները լուալն ալ կիսասարկաւագին գործն է:
Վեցերորդը աւագ սարկաւագութիւնն է, որու գործը քահանային ծառայելն է եկեղեցւոյ խորհուրդներուն ժամանակ, Աւետարան կարդալ, ողջոյնը քահանայէն առնելով ժողովուրդին տալ: Ասիկա Քրիստոս ցոյց տուաւ մեզի պատարագելու ժամանակ, երբ մարմինն ու արիւնը տուաւ ճաշակելու համար [տե՛ս Մատթ. 26.26—28]. ատոր համար սարկաւագը ժողովուրդին հետ Հաղորդութիւն չի ստանար, այլ՝ Սեղանին վրայ՝ քահանային հետ:
Եօթներորդը քահանայութիւնն է, որ բարձրագոյն կարգն է՝ միւս վեց աստիճանաւորներուն վրայ: Քահանային գործն է սրբազնասուրբ պատարագը մատուցել, եւ ասիկա քահանային առաջնային գործն է: Ասիկա Քրիստոս յայտնեց մեզի, երբ Վերնատան մէջ պատարագեց եւ իշխանութիւն տուաւ անոնց [աշակերտներուն]՝ ըսելով, թէ՝ ասիկա Ի՛մ յիշատակիս համար ըրէք [տե՛ս Մատթ. 26.26—28]: Քահանային յաջորդ գործը կապելն ու արձակելն է. կապել մեղքէն չդարձողները, եւ արձակել դարձողները. տակաւին, Քրիստոս ցոյց տուաւ քահանայութեան կարգը Ինքն Իր անձին վրայ՝ խաչին վրայ Ինքզինք պատարագելով: Եպիսկոպոսութիւնն ու հայրապետութիւնը այլ կնիք ու կարգ չե՛ն. այլ՝ եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութիւնը, որովհետև քահանայութիւնը թագաւորութեան նման է, իսկ եպիսկոպոսութիւնն ու կաթողիկոսութիւնը՝ հոգևոր կայսրութեան նման:
Փականքն ու բանալիները երկուքն են քահանաներուն մօտ. մէկը՝ կարգին, իսկ միւսը՝ գիտութեան բանալին, քանի որ քահանան Ամենակալ Աստուծոյ հրեշտակն է, որ հոգ պիտի տանի միշտ սորվելու եւ սորվեցնելու, որպէսզի բամզաթիւ մեղքերը կարենայ զատորոշել ու զանազանել:
Բարի քահանան Աստուծոյ նման է,
մարմինով հրեշտակ եւ վերիններուն նման է:
Չար [քահանան] դևերուն պէս է՝ լոյսէ զուրկ,
հաղորդ է կարգին [աստիճանին], բայց դատարկ՝ բարութենէն:
Շարունակելի
«Քրիստոնէական Ուսանելի», 1806
Աշխարհաբարի վերածեց
Վարանդ (Յակոբ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆԸ