Յակոբ Նալեան. Պսակի Խորհուրդի մասին

Յակոբ Նալեան. Պսակի Խորհուրդի մասին 03.11.2026

Պսակը արդար զուգակցութիւնն է ամուսնացածներուն՝ արուին եւ էգին՝ անբաժանելի կապակցութիւն եւ կենցաղավարութիւն ունենալով: Արդ, արդար զուգակցութիւն ըսելով, կը զանազանէ Սուրբ Պսակը շնութենէն, պոռնկութենէն եւ ազգապղծութենէն, որ արդար զուգակցութիւն չեն, այլ պիղծ ու անմաքուր խառնակութիւն: Արուի եւ էգի ըսելով՝ Սուրբ Պսակը կը բաժնէ արուամոլութենէն, որ չլսուած չարիք է: Եւ ըսելով, թէ անբաժանելի կենցաղավարութիւն ունենալով՝ աստուածային վճիռը կը հաստատէ, թէ՝ երկուքը մէկ մարմին թող ըլլան, որ Քրիստոս վճռեց՝ ըսելով, թէ՝ Աստուծոյ միացուցածը մարդը թող չբաժնէ [տե՛ս Մատթ. 19.6]. որովհետև այս խորհուրդն օրինակն ու գաղափարն է Քրիստոսի Եկեղեցւոյ եւ մարդկային բնութեան հետ միաւորութեան: Տակաւին՝ Քրիստոս Եկեղեցւոյ համար ըսաւ, թէ՝ Ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերը, մինչև աշխարհի վախճանը:

Իսկ մարդկային բնութեան հետ անբաժանելի միաւորութեան համար Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը ըսաւ, թէ՝ Անոր կօշիկներուն կապերն իսկ չեմ կրնար արձակել, այսինքն՝ Բանը մարմինէն: Եւ, հետևաբար, ով որ Սուրբ Պսակը կը քակէ, այդպիսին Բանը մարմինէն կը քակէ, եւ Քրիստոս Փեսան հարսէն՝ Եկեղեցիէն, որ թէեւ անկարելի է, որ Բանն Աստուած մարմինէն ու Եկեղեցիէն բաժնուի, սակայն, Պսակը քակողը եթէ հնարաւորութիւն ունենար, այդ կապն ալ կը քակէր: Քանի որ, ինչպէս աղքատներուն համար ըսաւ, թէ՝ ինչ որ անոնց ընէք, Ինծի ըրած կ’ըլլաք [տե՛ս Մատթ. 25.40], այդպէս ալ, ով որ Սուրբ Պսակի քակման պատճառ կ’ըլլայ ու կը քակէ զայն, այդպիսին Նեստորէն աւելի չար է, Քրիստոսի միաւորութիւնը բաժնող է:

Իսկ եթէ ըսես, թէ Քրիստոս ըսաւ, որ եկայ որդին հօրմէն, աղջիկը մօրմէն եւ կեսուրը հարսէն բաժնելու [տե՛ս Մատթ. 10.34—35], կ’ըսեմ, թէ՝ թեթև միտքով տե՛ս, որ չըսաւ թէ՝ եկայ հարսը փեսայէն քակելու ու փեսան հարսէն, որովհետև անոնց անբաժանելի միաւորութիւնը օրինակ էր Իր միաւորութեան: Արդարև, հայրը որդիէն, աղջիկը մօրմէն ինչպէ՞ս կը բաժնէ. ըսուածը այն է, թէ՝ ով որ հայրն ու մայրը, աղջիկն ու որդին Ինձմէ աւելի կը սիրէ, արժանի չէ՛ Ինծի, որովհետև առաւել ու գերիվեր սիրով՝ միայն Աստուած է սիրելի:

Իսկ այն մարդիկ, որոնք Քրիստոսի աշխարհ գալէն առաջ հայրը եւ մայրը առաւել կը սիրէին, Քրիստոս եկաւ ծանուցելու զԱստուած, որ առաւել սիրելի է. տակաւին՝ այն սէրը, որ Աստուած կը վայելէ (որ մարդիկ սխալելով հօր եւ մօր կու տային), առ Աստուած կը դարձնէ: Արդարև, երբ մարդիկ՝ հայր եւ մայր, որդիներ ու աղջիկներ, կը սիրեն, Աստուծոյ եւ Անոր հրամանի կատարումին միտումով թող սիրեն, որովհետև ով որ իր հայրն ու մայրը կը սիրէ, անոնց երախտիքը կը ճանչնայ, իսկ ծնողներուն երախտիքը ճանչնալը զԱստուած ճանչնալ է:

Դարձեալ՝ այսպէ՛ս իմացիր պսակին անքակութիւնը Քրիստոսի միաւորութենէն, որ Քրիստոս յաւիտենական ծնունդին համար ըսաւ, թէ՝ Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ [Յովհ. 16.20] եւ երբեք չըսաւ, թէ՝ մարմինէս ելայ կամ կ’ելլեմ:

Այսպէս ալ մարդը կրնայ հայրն ու մայրը ձգել ու հեռանալ եւ հեռուէն հետևիլ. սակայն չի՛ կրնար զուգակիցէն ելլել ու բաժնուիլ ու ուրիշ մը առնել, ինչպէս որ Քրիստոս ալ չի կրնար մարդկային բնութենէն բաժնուիլ (որ Իրեն միաւորած է) ու հրեշտակի բնութիւն առնել:

Արդարև, պսակը նշանէն [նշանտուքէն] կը սկսի, փեսային ու հարսին սիրտի հաւանութեամբ կը հաստատուի եւ մէկ անկողին մտնելով՝ միաւորուելու համար, կը կատարուի: Տակաւին՝ նշանը պսակին ծաղիկն է՝ դաշնադրուած քահանային աղօթքներով, եւ պէտք չէ ծաղիկը թօթափել ու ձօղով վար նետել, որովհետև այդպիսի մարդը նման է ցուրտ քամիի ու ձիւնի, որ ծառերու ծաղիկը կը թափեն ու կ’այրեն, եւ անպտուղ կ’ըլլան քահանայական աղօթքներէն:

Սակայն Աստուած այդպէս չըսաւ, որովհետև թէեւ պսակի բուն [մեծ] պատճառը որդեծնութիւնն է, բայց Սուրբ Աստուածածինը, որ Յովսէփ Աստուածահօր հետ նշանուած էր, թէեւ Սուրբ Հոգիէն յղացաւ ու զՔրիստոս պտղաբերեց, Յովսէփը, որ կամեցաւ նշանը քակել, Աստուծոյ հրեշտակը ղրկուեցաւ իր մօտ ու ըսաւ, թէ՝ մի՛ վախնար զայն քեզի կին առնելէ, եւ թէ՝ Մարիամը քեզի կին առ [տե՛ս Մատթ. 1.20—24]: Ըսել կ’ուզէր, թէ՝ մաքուր նշանածդ ձեռքէդ մի՛ ձգեր: Այսպէս ալ Յակոբ Նահապետը՝ եօթը տարի աշխատեցաւ իր նշանածին համար եւ իր ձեռքէն չձգեց, քանի որ օրհնած նշանը կէս պսակն է. եւ Յակոբ Նահապետը կէս պսակին համար, որ նշանն էր, Ռաքէլը իրեն կին կը կոչէր:

Այսպէս ալ իւրաքանչիւր նշանուած, կերպով մը կուսաբար եւ հեռուէն պսակուածի պէս է իր նշանածին հետ: Իսկ կախարդ, բանսարկու, պիղծ եւ անիծեալ չարաբերան պառաւներու խօսքերուն համար, որ նշանը կը քակէ, այդպիսին Եւային նման է, որ օձին կը լսէ եւ լուսեղէն պատմուճանէն կը զրկուի, քանի որ օձակերպ եւ չար պառաւներուն թունաւոր [խօսքերը] կը լսէ ու չի՛ լսեր աստուածային կանոններուն:

Իսկ եթէ մարդ մը իր նշանածին մէկ պակասութիւնը [թերութիւնը] պատճառաբանութիւն բռնէ՝ բանսարկուներէն լսելով, եւ կոյս աղջկան ու կոյս տղային անունը ապականէ, թող Յակոբ Նահապետը իրեն օրինակ առնէ, որ Ռաքէլը նշանեցին իրեն, որ գեղեցիկ էր, սակայն, մեծ քոյրը՝ Լիան տուին, որ թոյլ ու խոնաւ աչքեր ունէր. սակայն ան Լիայէն չբաժնուեցաւ, այլ ընդունեց:

Տակաւին՝ գիտելի է, որ պսակը երեք տեսակի բարիք ունի.
Առաջինը հաւատքն է, որ է հաւատարմութիւնը եւ մէկը միւսին նմանութիւնը, որպէսզի ուխտին վրայ հաստատ մնան եւ օտար անկողինով չպղծուին:
Երկրորդը զաւակն է, որ ծնին, կրթեն եւ սնուցանեն ի փառս Աստուծոյ:

Երրորդը խորհուրդն է, որ մինչև մահ չբաժնուին, ինչպէս Քրիստոս Իր մարմինէն անբաժանելի է մինչև յաւիտեան, այդպէս ալ ամուսնացածները անքակ մնան մինչև մահ:

Այս ալ գիտելի է, թէ միաւորութիւնը երկու կերպ է, ինչպէս նաեւ մահն ալ երկու կերպ է:

Առաջին միաւորութիւնը հոգևոր է, որ սիրտի հաւանութիւնն է, եւ ասիկա կը բաժնուի, երբ մարդ այս աշխարհին համար մեռնի՝ կրօնաւորութեան մէջ մտնելով, որ երկուքը մէկը միւսին քոյր եւ եղբայր ըլլան ու ուխտեն մինչև մահ եւ կամ որոշ ժամանակ մը մէկ անկողինի մէջ չմտնել:

Երկրորդ միաւորութիւնը մարմնաւոր է՝ համաձայն մերձաւորութեան օրէնքին, եւ ասիկա միայն զոյգերէն մէկուն կամ երկուքին մարմնաւոր մահուամբ կ’արձակուի:
Տակաւին՝ մերձաւորութեան չորս պատճառ կայ.
Առաջինը որդեծնութիւնն է:

Երկրորդը՝ իրարու պարտքը վճարել:

Երրորդը՝ պոռնկութենէ փախչիլը, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Պօղոս, թէ՝ պոռնկութենէ զերծ մնալու համար իւրաքանչիւր մարդ իր կինը թող առնէ, եւ կինն ալ՝ իր մարդը [տե՛ս Ա. Կորնթ. 7.2—3], եւ այս երեք կերպերը մեղք չեն:

Չորրորդը՝ ցանկութիւններուն յագեցում տալն է, եւ այն երբեմն մահացու մեղք է եւ երբեմն ալ՝ ներելի:
Ամուսնացողներուն մէջ զանազան մեղքեր կան. չարաչար գործածութիւն, անպատեհ ժամանակ, աղտեղի միտք, անպատշաճ կամ սուրբ տեղ, յղացածին որպիսութիւնն ու կերպը:

Հարսին ու փեսային չորս կերպի զարդ կայ, որ հոգևոր մտօք իմանալի են.
Առաջին՝ մատին դրուած մատանին:

Երկրորդ՝ գլուխին դրուած պսակը:

Երրորդ՝ կարմիր քօղը (միջնադարեան հայկական հարսանեկան սովորութիւն մը, որ մինչև 19—20 րդ դար պահպանուած է.— Վ. Ք.):
Չորրորդ՝ կանաչ ու կարմիր մետաքսէ դերձանը (միջնադարեան հայկական հարսանեկան սովորութիւն մը, որ մինչև 19—20 րդ դար պահպանուած է.— Վ. Ք.):
Մատանին կը նշանակէ, թէ հարսն ու փեսան իրար միջև սիրով պիտի մնան, իսկ օտարին համար՝ կնքուած, որովհետև սէրը սիրտին մէջ է: Արդարև, Սողոմոն Իմաստունը կ’ըսէ, թէ՝ զիս իբրև կնիք դիր սիրտիդ վրայ [տե՛ս Երգ 8.6]:

Գլուխին դրուած պսակը կը նշանակէ, թէ՝ կուսութեան համար մինչև այս պահը բարութիւն ըրին, պատերազմեցան ու յաղթեցին եւ այս պսակին արժանացան, որովհետև Աստուած յաղթողին կու տայ Եկեղեցւոյ փառքի պսակը: Արդարև, պսակելու ժամանակ խաչը հարսին ու փեսային գլուխին վրայ կը բռնեն՝ յօրինակ Քրիստոսի յաղթութեան: Նաեւ՝ քանի որ խաչը Քրիստոսի չարչարանքներուն պսակն է եւ Եկեղեցւոյ պարծանքը: Փեսան ու հարսը մինչև մահ իրենց գլուխները մէկը միւսին վրայ պիտի դնեն պսակին համար:

Հարսին կարմիր քօղը կը նշանակէ անոր հնազանդութիւնը փեսային, որ մինչև մահ պիտի հնազանդի իր փեսային, որովհետև կարմիր քօղը արեան գոյն ունի, որ կ’ուզէ ըսել, թէ՝ արեան չափ հնազանդ պիտի ըլլայ իր փեսային. սակայն այնպիսի հնազանդութիւն, որ մեղք չծնի: Նաեւ՝ ինչպէս Եկեղեցին կը հնազանդի Քրիստոսի մինչև արեան հեղում (քանի որ Քրիստոս Իր Եկեղեցին սիրեց հարսի մը պէս եւ Իր արիւնը թափեց անոր համար), այդպէս ալ պէտք է ըլլայ հարսը իր փեսային համար:

Կարմիր եւ կանաչ մետաքսէ դերձանը կը նշանակէ Քրիստոսի մարդեղութիւնը. կանաչը՝ յօրինակ Աստուածութեան, որ կը նշանակէ Քրիստոսի մշտնջենաւոր եւ անթառամ թագաւորութիւնը. իսկ կարմիրը՝ արիւնով ներկուած մարմինն ու մարդեղութիւնը: Տակաւին՝ ինչպէս Աստուածութիւնը մարդկութենէն անբաժանելի է, ինչպէս կանաչը կարմիրէն, այդպէս ալ փեսան իր հարսէն մինչև մահ անբաժանելի պիտի մնայ: Այդ պատճառով փեսային ու հարսին գլուխին կը կապեն կանաչն ու կարմիրը, երբ Սուրբ Աւետարանը կ’ըսէ, թէ՝ Աստուծոյ միացուցածը մարդ թող չի՛ բաժնէ:

Ով որ Սուրբ Պսակը կը քակէ,
այդպիսին պիղծ Նեստորին նման է,
որ ըսաւ, թէ Քրիստոս բաժնուած է,
եւ դժոխքին մէջ միշտ կը տանջուի:
Շարունակելի

«Քրիստոնէական ուսանելի», 1806
Աշխարհաբարի վերածեց
Վարանդ (Յակոբ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆԸ