Յակոբ Պատրիարք Նալեան. Բարեգործութեան երեք տեսակներու մասին, այսինքն՝ ողորմութեան, պահքի եւ աղօթքի

Ողորմութեան մասին

Ողորմութիւնը սիրտի գթութիւնն է անոնց հանդէպ, որոնց կ’ողորմիս: Որովհետև, ով որ քարասիրտ է, չի՛ գթար ողորմութեան կարիք ունեցողներուն: Այդպիսին Աստուծոյ տուրքը Աստուծմէ կը խնայէ եւ Աստուծոյ նմանելու փոխարէն անասուն կ’ըլլայ, որովհետև Քրիստոս ըսաւ, թէ՝ գթած եղէք, ինչպէս ձեր Երկնաւոր Հայրը գթած է [Ղուկ. 6.36]: Իսկ անգութ մարդը շունի նման է, որ նոյնիսկ եթէ իր կերածէն աւելնայ, չի տար ուրիշներուն: Սակայն եթէ թեթև աչքով ու միտքով նայինք, ապա բոլոր ստեղծուածներէն իսկ ողորմութիւն կը սորվինք:

Նախ՝ Աստուծմէ ետք մեզի գթութիւն կը սորվեցնեն հրեշտակներուն դասերը, որոնց վերնայինները Աստուծմէ ընդունած շնորհքը միշտ կը հաղորդեն ստորագոյն հրեշտակներուն, իսկ ստորագոյնները մեզի կը հաղորդեն: Որովհետև բարիին խափանումն ու չարի պատճառը կը մերժեն մեր մէջ: Ինչպէս Աստուած ըսաւ, Ես Իմ հրեշտակս ղրկեցի քու առջևէդ, եւ ան պիտի վանէ ազգերն ու թշնամիները [տե՛ս Ելք 23.20, 27]: Փորձութիւնները կը թեթևցնեն, ինչպէս հրեշտակը, որ հնոցին մէջ իջաւ եւ կրակը ցօղի փոխարկեց [Դան. 3.49—50]: Թշնամիններու դէմ կ’օգնեն, ինչպէս հրեշտակը ասորիներէն 185000 հոգի սպաննեց [Ես. 37.36]: Մեր աղօթքը Աստուծոյ կը նուիրեն, ինչպէս Տոբիթի եւ Կոռնելիոսի աղօթքները [Տոբիթ 3.1—6, 24—25: Գործք 10.1—8]: Գործի [աշխատանքի] կը վարժեցնեն, ինչպէս Գաբրիէլը խելամուտ ըրաւ Դանիէլ մարգարէն ու Զաքարիա Քահանայապետը [Դան. 8.15—19, 9.20—22: Ղուկ. 1.8—20]: Մեղք գործելէ կ’արգիլեն, ինչպէս Ղովտը Սոդոմէն հանեցին [Ծննդ. 19.12—22]: Կը զօրացնեն ու կը կերակրեն, ինչպէս հրեշտակը Եղիա մարգարէն արթնցուց՝ ուտելու համար իր բերած կերակուրը [Գ. Թագ. 19.3—8]: Կը մխիթարեն, ինչպէս Ռաֆայէլ հրեշտակը Տոբիթին ըսաւ, թէ՝ քաջալերուէ՛, խաղաղութիւն թող ըլլայ քեզի [Տոբիթ 12.14—20]. երկու հրեշտակներ ալ Քրիստոսի համբառնալուն ժամանակ առաքեալները մխիթարեցին [Գործք 1.9—11]: Երկիւղը կը փարատեն, ինչպէս Գաբրիէլ ըսաւ Աստուածածինին, թէ՝ մի՛ վախնար, Մարիամ [Ղուկ. 1.30]:

Բանտարկուածները կ’արձակեն, ինչպէս հրեշտակը Սուրբ Պետրոսն ու ուրիշ առաքեալներ արձակեց [Գործք 5.17—20, 12.6—12]: Բարձրագոյն բաները կ’աւետեն մեզի, ինչպէս Գաբրիէլը Քրիստոսի ծնունդը [Ղուկ. 1.26—38]: Գաղտնի բաները կը յայտնեն, ինչպէս հրեշտակը Աստուածահայր Յովսէփին Աստուածածինի մասին յայտնեց, թէ անորմէ ծնածը Սուրբ Հոգիէն է [Մատթ. 1.19—20]: Կը պահեն [պահպանեն] մեզ, ինչպէս Դաւիթ կ’ըսէ, Իր հրեշտակներուն պատուիրած է Քեզի համար, որպէսզի պահեն Քեզ [Սաղմ. 90.11—12: Մատթ. 4.6]:

Արդարև, անհրաժեշտ են հոգիներ, որոնք սպասաւորելու ղրկուին փրկութիւն ժառանգողներուն: Տակաւին բազմաթիւ գործեր կան հրեշտակներուն, որ բոլորն ալ ցոյց կու տան ողորմութեան գործը:

Երկրորդ՝ ողորմութիւն կը սորվինք երկինքէն եւ բոլոր աստղերէն, որոնք իրենց ազդեցութիւնն ու յատկութիւնը միշտ դէպի վար կը հոսեցնեն [դէպի երկիր]. արեգակն ալ իր լոյսը կու տայ բոլոր աստղերուն. ամպերը անձրև կու տան, ինչ բանը արեգակին ջերմութիւնը կը բարեխառնէ. ծովը կը շարժի ու չի հոտիր, եւ ձուկերն ալ ողջ կը մնան:

Երրորդ՝ ողորմութիւն կը սորվինք նաեւ թռչուններէն, որովհետև Նոյի տապանին մէջի աղաւնին ձիթենիի շիւղ բերաւ ի օրինակ ողորմութեան [Ծննդ. 8.11]: Ագռաւը Եղիա մարգարէին կը կերակրէր [Գ. Թագ. 17.4—6]: Մեղուն իր քաղցր մեղրը կու տայ ի վայելչութիւն մարդուն, իսկ քաղցրախօս թռչուններն ալ կը զուարճացնեն մեր լսելիները:

Չորրորդ՝ ողորմութիւն կը սորվինք ոչխարներէն, որովհետև եթէ անոնցմէ մէկը հիւանդանայ, առողջները կու գան եւ արևին դէմը կը կանգնին՝ շուք ընելով հիւանդ ոչխարին: Դարձեալ՝ [ողորմութիւն] կը սորվինք ձիէն, որ սատկած ձիու մը քուռակը ուրիշ ձի մը կը սնուցէ, ինչպէս նաեւ մոլորած մարդ կը ճանապարհորդէ, պզտիկներուն եւ կիներուն գութ կը ցուցաբերէ:

Դարձեալ՝ ողորմութիւն կը սորվինք Սուրբ Գիրքէն, որ կը յորդորէ ամէն տեղ ողորմութիւն գործել: Քրիստոս կ’ըսէ. երանի՜ ողորմածներուն [Մատթ. 5.7]. դարձեալ կ’ըսէ. մամոնան գործածեցէք [ողորմութիւն ըրէք]՝ շահելու Աստուծոյ բարեկամութիւնը [տե՛ս Ղուկ. 16.9]. դարձեալ՝ արժանապէս ողորմութիւն տուէք [տե՛ս Ղուկ. 11.41]. դարձեալ՝ ով որ կը խնդրէ քեզմէ, տո՛ւր անոր [Մատթ. 5.42]: Տակաւին [Քրիստոս] չխնայեց Իր մարմինն ու արիւնը, Իր հագուստը [պատմուճանը] [Յովհ. 19.23—24], կողին ջուրը [Յովհ. 19.33—34]. աւելին, Ան Իր մայրն ալ Յովհաննէս աւետարանիչին տուաւ մայրութեան համար [Յովհ. 19.25—27], իսկ Իր հոգին մեր հոգիին համար որպէս գին տուաւ: Նաեւ աչքերով ողորմեցաւ՝ Ղազարոսի համար լալով, ձայնով՝ կանչելով զինք, սիրտով՝ գթալով [Յովհ. 11.32—44]: Ձեռքերով՝ հացը բազմացնելով [Մատթ. 14.13—21], եւ կաւ ծեփելով՝ կոյրին աչքին դնելով [Յովհ. 9.1—12]: Բերանով՝ վարդապետելով: Ականջով՝ հիւանդներուն ձայնը լսելով: Ոտքերով՝ յոգնելով: Գլուխով՝ փուշով պսակուելով [Մարկ. 15.17]: Մահուամբ՝ փրկելով հոգիները դժոխքէն: Յարութեամբ՝ տրտմածները մխիթարելով: Համբառնալով՝ Սուրբ Հոգին ղրկելով: Երկրորդ գալուստով՝ պիտի ողորմի սուրբերուն իրենց արժանիքէն աւելի [վեր] փառաւորելով զանոնք, իսկ մեղաւորներուն՝ իրենց արժանիքէն քիչ [վար] պատժելով:
Դարձեալ՝ Աստուծոյ սուրբերը մեզի օրինակ են եւ ողորմութեան կը յորդորեն, ինչպէս Աբրահամը, որ առանց հիւրի՝ հաց չէր ուտեր եւ արժանի եղաւ իր վրանին մէջ հիւրընկալելու Աստուծոյ Խօսքը [Ծննդ. 18.1—5], ինչպէս նաեւ իր եղբօրորդին՝ Ղովտը գերութենէն վերադարձուց [Ծննդ. 14.12—16]: Ղովտը Աստուծոյ հրեշտակները կերակրեց [Ծննդ. 19.1—3]: Մովսէս մարգարէն այնքան ողորմած էր, որ երբ Աստուած կամենար հրեաները պատժել, կ’ըսէր Անոր, թէ ներէ՛ ասոնց մեղքերը, այլապէս՝ ջնջէ՛ զիս կեանքի գիրքէն [Ելք 32.30—32]: Յեսուն՝ Նաւէի որդին, Ռախաբ պոռնիկին ողորմեցաւ եւ ազատեց զայն սպաննուելէ [Յեսու 6.20—23]: Սուրբ Պետրոսն ու Սուրբ Յովհաննէսը անդամալոյծը բժշկեցին [Գործք 3.1—10]: Պետրոսը Տաբիթային յարուցեց [Գործք 9.36—43]: Պօղոս առաքեալ Եւտիքոս պատանին կենդանացուց [Գործք 20.7—12]: Սուրբ Մարկոս եւ Սուրբ Սրապիոն մեծ ճգնաւորները Սուրբ Աւետարանն իսկ ծախեցին եւ ողորմութիւն տուին: Մեր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը տասներկու չարչարանքներ քաշեց՝ ողորմելով մեր ազգին եւ դարձուց մեզ կռապաշտութենէ:

Տակաւին բազմաթիւ օրինակներ ու վկայութիւններ կան աստուածային գիրքերուն մէջ, եւ Աստուածաշունչին մէջ թուղթ մը չկայ, որու մէջ ողորմութեան մասին օրինակ մը չգտնուի: Իսկ այս գովելի ողորմութիւնը երկու կերպ է՝ հոգևոր եւ մարմնաւոր:

Հոգևոր ողորմութիւնը ասոնք են.
Նախ՝ սիրտի ցաւակցութիւնը տկարներուն հանդէպ:

Երկրորդ՝ ներել ուրիշներուն յանցանքը:

Երրորդ՝ յանդիմանել մեղուցեալները:

Չորրորդ՝ ուսուցանել տգէտները:

Հինգերորդ՝ աղօթել հալածողներուն համար:

Վեցերորդ՝ մխիթարել տրտմեալները:

Իսկ մարմնաւոր ողորմութիւնները ասոնք են.
Նախ՝ կերակրել անօթիները:

Երկրորդ՝ խմցնել ծարաւները:

Երրորդ՝ հագցնել մերկերը:

Չորրորդ՝ այցելել հիւանդները:

Հինգերորդ՝ մխիթարել բանտարկուածները:

Վեցերորդ՝ հաւաքել օտարները:

Եօթներորդ՝ թաղել տէր չունեցող մեռելները:

Ութերորդ՝ [ողորմութիւն] տալ աթոռներուն [թեմերուն], վանքերուն եւ եկեղեցիներուն: Եւ մանաւանդ Աստուծոյ անունով Սուրբ Երուսաղէմին եւ մեր փրկութեան տնօրինական վայրերուն: Որովհետև առաքելական կանոն է ունեցուածքէն տասանորդ տալ Սուրբ Երուսաղէմին, քանի որ առաքեալները ուր որ կը քարոզէին՝ քրիստոնեաներէն ողորմութիւն կը հաւաքէին եւ Երուսաղէմ կը ղրկէին՝ որբերուն եւ այրիներուն, ինչպէս նաեւ հոգեպահիկ աղքատներուն: Ով որ աննախանձ միտքով կ’ուզէ իմանալ, թող Սուրբ Աւետարանը եւ առաքեալներուն գրութիւնները բանայ ու տեսնէ, թէ ինչքա՛ն կարևոր է Սուրբ Երուսաղէմին ողորմութիւն տալը: Ատոնցմէ մէկը ներկայացնեմ, միւսները դուն միտքով իմացիր: Սուրբ Երուսաղէմի յատուկ Գանձապետը Քրիստոս է, որովհետև գանձանակին դիմաց կը նստէր ու կը նայէր, թէ ո՛վ կու տայ, եւ ո՛վ դատարկաձեռն կ’ելլէ ու տաճար կը մտնէ: Մէկ լումայ տուող այրի կինը ինչքա՜ն երանեց՝ ըսելով՝ այդ տառապեալ այրին աւելի շատ նետեց գանձանակին մէջ [տե՛ս Մարկ. 12.41—44]:

Իւրաքանչիւր բարի գործ՝ առանց ողորմութեան, շիջած ճրագներու նման են եւ ո՛չ թէ վառած:
Պահքի մասին

Պահքը մարմինը ճնշելն է եւ ախորժակը արգիլելը փափուկ եւ պարարտ կերակուրներէ: Որովհետև միշտ ուտելն ու խմելը մարմինը կ’ապստամբեցնեն հոգիին դէմ եւ հոգին ալ՝ Աստուծոյ: Շատակեր ու պահք չպահող մարդը միտքով կը թանձրանայ, երկնային, բարակ ու նուրբ իմաստութիւնները չի՛ կրնար իմանալ: Արդարև, Մովսէս, որ Աստուծոյ հետ կը խօսէր, նախ պահք կը պահէր, իր մարմինը կը ճնշէր, միտքով կը նրբանար եւ ապա միայն Աստուծոյ հարցուցածին պատասխան կու տար: Իսկ կռապաշտ փիլիսոփաները ծոմով ու պահքով այնքա՜ն իմաստութեան հասան, որ իրենցմէ ոմանք օրը մէկ անգամ չամիչ կ’ուտէին միայն:

Սուրբ ճգնաւորներէն շատեր ծոմի եւ պահքի միջոցով մարգարէութեան եւ զանազան շնորհներու իմաստութիւնն ստացան: Դանիէլ մարգարէն պահքի միջոցով Նաբուգոդոնոսորի գերիվեր երազները կը մեկնէր. պահքի միջոցով Գաբրիէլին եւ Միքայէլին հետ կը խօսէր եւ անոնցմէ իմացաւ ու խելամուտ եղաւ Քրիստոսի գալուստի ժամանակի մասին: Եղիան քառասուն օր պահք պահելով՝ Քորեբ լեռան վրայ Աստուծոյ տեսութեան արժանացաւ: Արդարև, միտքը պարարտ եւ փափուկ կերակուրներէն կը ծանրանայ, կը բթանայ եւ չի կրնար բարձունքները ելլել, ինչպէս բազէն, որ ծոմ ըլլայ [այսինքն՝ անօթի], շուտով կը հասնի իր որսին. իսկ եթէ կերած ըլլայ, չի կրնար բարձրանալ ու իր որսը բռնել: Հետևաբար կռապաշտ իմաստունները կ’ըսէին, թէ՝ ծոմ պահողի հոգին իրմէ դուրս կ’ելլէ եւ փութով ինչպէս արծիւը բարձունքները կը սլանայ:

Տակաւին պահքը մարդուն կեանքը կ’երկարէ, ինչպէս յայտնի է ճգնաւորներէն: Արդարև, Ադամը եթէ այն ծառէն կերած չ’ըլլար, միշտ ողջ կը մնար: Ենովքը, որ ծոմ պահեց, դրախտ յափշտակուեցաւ եւ տակաւին ողջ է: Դարձեալ՝ պահքը կը յաղթէ մարմնաւոր եւ հոգևոր թշնամիներուն, որովհետև Սրբուհի Յուդիթը պահքի միջոցով յաղթեց Հողոփեռնէսին [Յուդիթ 8, 10—13 գլուխներ]. իսկ Եսթեր թագուհին Արտաշէսի ժամանակ հրեայ Համանը փրկեց կոտորուելէ [Եսթեր 3—8 գլուխներ]. Յուդա Մակաբայեցին պահքով յաղթեց Անտիոքոս չար թագաւորին [Ա. Մարկ. 3—4, 8, 10 գլուխներ]: Պահքը հոգևոր թշնամիին ալ կը յաղթէ. ինչպէս որ ամէն բանի յաղթող Քրիստոսը, մեզի օրինակ տալու համար, քառասուն օր պահք պահեց եւ յաղթեց սատանային՝ լեռան փորձութեան [Մատթ. 4.1—11]. իսկ առաքեալներուն կ’ըսէ, թէ՝ այս չար ոգին ուրիշ կերպով չի՛ ելլեր, ապա թէ ոչ աղօթքով եւ պահքով [Մատթ. 17.21]: Արդարև, սատանան դեւի մը հրաման կու տայ, որ դիւահարէ մը ելլէ ու ճգնաւորի մը մէջ մտնէ. ճգնաւորին մէջ մտնելէ ետք այս վերջինս կը սկսի ալ աւելի պահք պահել ու աղօթել. դեւը ձանձրանալով կ’ելլէ, որպէսզի փախչի: Սուրբ ճգնաւորը կ’ըսէ անոր. ո՛վ չար, ո՞ւր կը փախչիս, եկո՛ւր, որ միասին բնակինք. դեւը կը պատասխանէ. Աստուած հեռու պահէ, ո՛վ չար ծեր. զիս անօթի ու ծարաւ սպաննեցիր, եւ կը հեռանայ անկէ:

Դարձեալ՝ մեր աղօթքը կը գեղեցկացնէ պահքը, ինչպէս Ռաֆայէլ հրեշտակը Տոբիթին ըսաւ, թէ՝ աղօթքները բարի են՝ պահքով ու ողորմութեամբ [Տոբիթ 12.8]:
Դարձեալ՝ պահքը մարդուն խոնարհութիւն կ’ուսուցանէ, ինչպէս կ’ըսէ Դաւիթ մարգարէն. պահեցողութեամբ անձս կը խոնարհեցնէի [Սաղմ. 34.13]:
Դարձեալ՝ պահքը Աստուծմէ հեռացածները Աստուծոյ կը մօտեցնէ, ինչպէս Յովէլ մարգարէն կ’ըսէ. ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէք պահեցողութեամբ, լալով ու կոծով [Յվէլ 2.12]:

Բայց հազար ափսո՜ս. ներկայիս ո՞ւր է լաց եւ կոծ պահեցողութեան օրերուն: Արդարև, ներկայիս պահեցողութեան օրերը անզգամներուն համար չարութեան նիւթ եղած են, որ ուտիք օրերուն չգործած չարիքը Մեծ Պահքի օրերուն կը գործեն: Այդպիսի պահք պահելու մասին Աստուած Եսայի մարգարէին բերանով կ’ըսէ, թէ պահքի օրերուն ձեր ցանկութիւնները (կամքը) կը կատարէք [Ես. 58.3]: Այդպիսի մարդոց պահքը Յեզաբէլի պահքն է, որ պահք պահել տուաւ ու Նաբոթը սպաննեց [Գ. Թագ. 21.1—14]:

Ներկայիս Յեզաբէլի նման չարերը Եկեղեցին կը տապալեն. անոնց ձեռքէն եթէ գայ, մարդ սպաննելն ալ բան մը չէ այդպիսիներու համար, որ թէեւ արարք գործելուն չեն հասնիր, սակայն կամքով սպաննողներ են: Որորվհետև բարի եւ չար գործերուն հիմքը կամքն է. եթէ կամքը բարի է, գործերն ալ բարի են, իսկ եթէ կամքը չար է, գործերն ալ չար են, քանի որ չար ծառը չար պտուղ կու տայ [Մատթ. 7.17—18]:

Տակաւին, սուրբ պահքը ազա՛տ է անկարգութենէ եւ հոգիով խոնարհներուն մէջ կը փայլի: Գիտէ՛ սատանան, որ Աստուծոյ համար պահքն ու աղօթքը խիստ ընդունելի են, եւ իր չար գլուխը Քրիստոսի կողմէ պահքով ու աղօթքով խորտակուեցաւ, ինչպէս նաեւ [հիմա ալ] կը խորտակուի բարի պահեցողներուն կողմէ. այդ պատճառով ան կը ջանայ, խռովութիւն սերմանելով, տեղ եւ անկողին ստեղծել խռովարարներուն հոգիներուն մէջ, որ անարժանութեամբ ճաշակել կու տայ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը, որով ճաշակողը կը պատժուի ու կը պատուհասուի: Սակայն Աստուծոյ համար կ’ըլլայ՝ կշռեցէ՛ք ըսածս եւ զուր տեղ մի՛ բարկանաք ձեր ծառային. տեսէ՛ք, այնպէս չըլլայ, թէ ինչ որ կ’ուզէք, այնպէ՛ս ընէք: Իսկ եթէ այդպէս է, Աստուծոյ սիրով կ’աղաչեմ ձեզ. ձեր հոգին մեղա է, այդ սուրբ պահքը սրբութեամբ, խաղաղութեամբ եւ պարկեշտութեամբ պահեցէ՛ք, որովհետև մեր ազգը մեղք է, որ մի քանի մարդոց պատճառով քրիստոնեայ այլ ազգերու մէջ վատաբանուի: Եւ չըլլայ, որ մարգարէին վայը ժառանգենք, ինչպէս Աստուած Եսայիի միջոցով կ’ըսէ 58 րդ գլուխին մէջ, թէ հակառակութեան եւ կռիւներու մէջ պահք կը պահէք. ի՞նչ պէտք են Ինծի այդպիսի պահքի օրեր. դուք պիտի գաք եւ բողոքէք Ինծի, բայց Ես պիտի չլսեմ ձեզ [Ես 58.4]: Իսկ նինուէացիներուն պահքը ընդունելի եղաւ եւ զԱստուած հաշտեցուց [Յովն. 3.5, 10]: Յովէլ մարգարէն ալ Աստուծոյ բերանով կը պատուիրէ, թէ՝ սրբեցէ՛ք պահքը եւ ո՛չ թէ պղծեցէք [Յվէլ 1.14, 2.15]: Ի վերջոյ, ի՛նչ ըսեմ. պահքը մարդս Քրիստոսի տեսութեան կ’արժանացնէ, ինչպէս Աննա մարգարէուհին, որ տաճարին մէջ պահք կը պահէր ու կ’աղօթէր եւ Քրիստոսի տեսութեան արժանացաւ [Ղուկ. 2.36—38]: Իսկ առաքեալները, որոնք Քրիստոսի համբարձումէն ետք սրբապէս պահք պահեցին, Սուրբ Հոգիին արժանացան:

Դարձեալ՝ ծոմ պահող մարդուն թուքը օձ կը սպաննէ. ի՞նչ զարմանք, եթէ սատանան ալ սպաննէ: Դարձեալ՝ օձը՝ հին խորխը, ծոմ պահելով կը մերկանայ, եւ մենք մեղքերու հնութենէն պահքով պիտի մերկանանք: Դարձեալ՝ ուտելու պատճառով Ադամն ու մենք այս ցաւալի երկիրը ինկանք եւ պահքի միջոցով առ Աստուած պիտի ելլենք այս աշխարհի բանտէն: Ասոր օրինակը հնդիկներու մուկն է, որ հնդկական ընկոյզը կը ծակէ եւ ներս մտնելով՝ այնքա՜ն կ’ուտէ, որ կը գիրնայ. [յետոյ, սակայն,] նեղ ծակէն դուրս չի՛ կրնար ելլել. ուստի անճար մնալով՝ այնքան չ’ուտեր [պահք կը պահէ], մինչև որ նախկին չափին հասնի եւ ապա դուրս կ’ելլէ:

Այսպէս ալ մենք, Ադամին ուտելով, այս աշխարհ մտանք. մեղքեր ուտելով՝ գերցանք եւ աշխարհէն չենք կրնար ելլել ու Աստուծոյ մօտ մտնել. հետևաբար պէտք է պահք պահենք, որպէսզի առաջին մեր վիճակին հասնինք եւ աշխարհէն ելլելով՝ Աստուծոյ մօտ մտնենք:

Պահքը հոգիին լուացարանն է,
նաեւ մարմինին սուրբ պահարանը.
մարդը հրեշտականման կը դարձնէ
եւ երկինքի խորան կը թռցնէ:

Շարունակելի

«Քրիստոնէական ուսանելի», 1806
Աշխարհաբարի վերածեց
Վարանդ (Յակոբ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆԸ