Աղօթքի մասին
18.11.2026
Աղօթքը սիրտին ու բերանին պտուղն է, որ Աստուծոյ ընծայուած է որպէս շնորհակալութիւն մեր՝ Անորմէ ստացած բարիքներուն համար։ Սուրբ Դիոնիսիոսի համաձայն՝ աղօթքը լուսեղէն լար մըն է, որ երկինքի ծայրէն կախուած է մեզի, մեզ Աստուծոյ հետ կը միացնէ եւ Աստուած ալ՝ մեզի հետ։ Որովհետեւ երբ կ՚աղօթենք, մենք Աստուծոյ հետ կը խօսինք, իսկ երբ Աւետարանը կը կարդանք, Աստուած մեզի հետ կը խօսի։ Տակաւին, Աստուած բարձր է, իսկ մենք՝ ցած, եւ մեր միտքը միշտ կը ջանայ, որ Աստուծոյ հասնի, բայց չի կրնար։ Այդ պատճառով Աստուած աղօթքը որպէս միջոց ցոյց տուած է մեզի, որ եթէ անոր ծայրը բռնենք, ապա աղօթքներով Երկինք ելլենք, Անոր հետ խօսինք եւ մեր պակասութիւնը Աստուծոյ անմոռաց բնութեան յանձնենք եւ Անորմէ մեր փրկութեան կնիքը ստանանք։
Արդարեւ, աղօթքը Արքայութեան բանալին է, որով կը բանանք Աստուծոյ գանձարանն ու պահարանը եւ Անորմէ կ՚առնենք մեր բարի խնդրանքները։ Հետեւաբար՝ պէտք է միտքով առ Աստուած դառնանք սուրբ ու խոնարհ յօժարութեամբ, ինչպէս նաեւ մաքուր խնդրանքներով զԱստուած խոնարհեցնենք մեր աղաչանքներուն։
Արդ՝ աղօթքներուն պտուղը շատ է։
Նախ՝ Մովսէս մարգարէն աղօթքով Կարմիր ծովը պատռեց եւ Իսրայէլի որդիները անցուց դէպի Աւետեաց երկիրը (Ելք 14.21-22, հմմտ. Ելք 14.13-31). իսկ մենք աղօթքով մեղքերու ծովը կը պատռենք եւ երկինք կ՚ելլենք։ Դարձեալ՝ Մովսէս աղօթքով երկինքէն մանանայ իջեցուց (Ելք 16.4) եւ ժայռէն ջուր բխեցուց (Ելք 17.5-6, Թուեր 20.7-11). իսկ մենք աղօթքով Աստուծոյ քաղցրութիւնը կը ճաշակենք եւ կարծր ժայռէն, որ է Աստուած, զովացուցիչ ջուր կ՚առնենք ու կը խմենք, որ է Անոր ողորմութիւնը։
Երկրորդ՝ աղօթքը ամուլ եւ անծին հոգին ծննդական կ՚ընէ, ինչպէս Աբրահամի աղօթքը անծննդականութենէ բժշկեց Աբիմելէքին տունը (Ծննդ. 20.17-18)։
Երրորդ՝ աղօթքը մարդուն կեանքը կ՚աւելցնէ, ինչպէս յայտնի է Եզեկիա Թագաւորին աղօթքներէն, որու կեանքը տասնհինգ տարիով աւելցաւ (Դ Թագ. 20.1-6, հմմտ. Ես. 38.1-5)։
Չորրորդ՝ աղօթքը մարդս գերութենէն կը դարձնէ, ինչպէս յայտնի է Մանասէ Թագաւորէն, որ աղօթելով ազատեցաւ Բաբելոնի գերութենէն (Բ Մնաց. 33.12-13)։
Հինգերորդ՝ աղօթքը թշնամին կը հալածէ, ինչպէս յայտնի է Նաւէի որդի Յեսուի աղօթքներէն, որ երբ աղօթեց, թշնամիներուն վրայ քարէ կարկուտ իջաւ երկինքէն (Յեսու 10.10-14). իսկ Մովսէս աղօթքով կոտորեց ամաղեկացիները՝ իր ձեռքերը տարածելով (Ելք 17.8-13), ինչպէս Քրիստոս ձեռքերը տարածեց խաչին վրայ (հմմտ. Յովհ. 19.18). իսկ Սամուէլ Մարգարէն աղօթքով երկնային որոտմամբ կոտորեց այլազգիները (Ա Թագ. 7.9-10)։
Վեցերորդ՝ աղօթքը ամուլը պտղաբեր կ՚ընէ, ինչպէս Սամուէլի մօր պարագան է, որ աղօթքով եօթը որդիներ ծնաւ (Ա Թագ. 1.10-20, 2.21). իսկ Փենանան, որ չէ՛ր աղօթեր, եօթը որդիներէն զրկուեցաւ (տե՛ս Ա Թագ. 2.5)։ Զաքարիան՝ Յովհաննէս Մկրտիչին հայրը, աղօթքով Սուրբ Յովհաննէսը ունեցաւ (Ղուկ. 1.5-25), իսկ Յովակիմն ու Աննան՝ Տիրամայր Մարիամ Աստուածածինը։
Եօթներորդ՝ դրախտին դուռը կը բանայ, ինչպէս էր աջակողմեան աւազակին պարագան (Ղուկ. 23.42-43), որ քիչ աղօթեց, սակայն շատ ստացաւ. ուշ ընթացաւ, սակայն կանուխ ժամանեց։
Ութերորդ՝ աղօթքը երկնային փառքով կը պայծառացնէ մարդը. այս բանին օրինակ է մեզի Քրիստոս, որ երբ յաղթեց, պայծառացաւ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Ղուկաս, թէ երբ Ան աղօթելու սկսաւ, Անոր երեսին տեսքը այլակերպ եղաւ (Ղուկ. 9.28-29), որ ո՛չ թէ Իր աղօթքներուն վարձքը ստացաւ այդ պայծառութիւնը, այլ՝ մեզի ծանուցեց, թէ ան, որ անդադար կ՚աղօթէ, ի վերջոյ այսպէս պիտի պայծառանայ։
Իններորդ՝ աղօթքը մարդս կը բժշկէ հիւանդութենէ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Յակոբոս, թէ հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ յոգնածները (տե՛ս Յակ. 5.15). պիտի յարուցանէ՛ մեռելները, ինչպէս Ղազարոսը (Յովհ. 11.41-44). պիտի փրկէ՛ զրպարտեալները, ինչպէս Շուշանը (Դան. 13.35, 42-44). պիտի տանջէ՛ սատանան, ինչպէս դեւ մը կ՚աղաղակէր Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալին, թէ աղօթքներդ կը չարչարեն ու կ՚այրեն զիս։ Կը գոցէ՛ ու կը բանայ երկինքը, ինչպէս Եղիային աղօթքը երեք տարի եւ վեց ամիս երկինքը գոցեց ու դարձեալ բացաւ (Գ Թագ. 17.1, 18.41-45, Յակ. 5.17-18)։
Իսկ թէ ինչ պատճառով երբեմն աղօթքը ընդունելի չ՚ըլլար, բազմաթիւ պատճառներ կան։
Նախ՝ աղօթողին մեղքը, ինչպէս Աստուած Եսայիի միջոցով կ՚ըսէր․ «Երբ աղօթէք, պիտի չլսեմ, որովհետեւ ձեր ձեռքերը արեամբ լեցուն են» (Ես. 1.15), իսկ ի ծնէ կոյրը կ՚ըսէր, թէ՝ «Գիտեմ, որ Աստուած մեղաւորներուն չի՛ լսեր» (Յովհ. 9.31)։
Երկրորդ՝ երկբայութեամբ եւ կասկածով աղօթելը, ինչպէս Սուրբ Յակոբոս կ՚ըսէ «Հաւատքով թող խնդրէ ու թող չ՚երկմտի» (տե՛ս Յակ. 1.6), որովհետեւ Պետրոս առաքեալը ծովուն վրայ քալած ատեն, երբ կասկածեցաւ, սկսաւ ընկղմիլ (տե՛ս Մատթ. 14.28-31)։
Երրորդ՝ որ մարդ անպէտք բան մը կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ո՛չ Տուողին վայել է եւ ո՛չ ալ առնողին օգուտ է, ինչպէս Աստուծմէ գեղեցիկ կին, դրամ եւ ապրանք խնդրելը։
Չորրորդ՝ անարժանութիւն այն բանին համար, որ կ՚աղօթէ, ինչպէս հրեաները, որոնք անարժան էին ազատութեան, Երեմիա մարգարէին անոնց համար ըրած աղօթքը ընդունելի չեղաւ (տե՛ս Երեմ. 11.14, 14.11)։
Հինգերորդ՝ չար եւ աղտեղի խորհուրդները կ՚արգիլեն աղօթքը, ինչպէս Տոբիթինը, որ պղտորած միտքով կը քնանար, ճնճղուկներու ծերտով կուրցաւ (տե՛ս Տոբիթ 2.9-10)։
Վեցերորդ՝ աստուածային օրէնքները արհամարհել, ինչպէս որ վարդապետ մը (ուսուցիչ մը) չլսող աշակերտի մը դաս չի տար, այդպէս ալ Աստուած չլսող մարդուն խնդրանքը չի՛ կատարեր, ինչպէս Դաւիթ իր զաւակին համար շատ աղօթեց, սակայն Աստուած չլսեց, որովհետեւ Դաւիթ չլսող գտնուեցաւ Աստուծոյ օրէնքներուն, որոնք կ՚ըսէին․ «Մի՛ շնար» եւ «Մի՛ սպաններ» (տե՛ս Բ Թագ. 11.2-17, 12.7-14, 16-18, Ելք 20.14, 13)։
Եօթներորդ՝ խստասրտութիւնը, որովհետեւ այն մարդը, որ չի՛ լսեր աղքատին, Աստուած ալ չի՛ լսեր այդպիսիին աղօթքը, ինչպէս մեծահարուստը, որ չլսեց Ղազարոսին, Աբրահամն ալ չլսեց մեծահարուստին (Ղուկ. 16.19-31), իսկ Սողոմոն կ՚ըսէ, թէ ան, որ կը գոցէ Իր ականջները՝ չլսելու համար աղքատին, ի՛նք եւս պիտի խնդրէ Տիրոջմէ, եւ Աստուած պիտի չլսէ իրեն (տե՛ս Առակ 21.13)։ Դարձեալ՝ ով որ քարսիրտ է եւ չ՚ողորմիր իրեն պարտաւորութիւն ունեցողին, Աստուած ալ չ՚ողորմիր իրեն, երբ Անոր աղօթէ, քանի որ կ՚ըսենք, թէ՝ «Ներէ մեզի, ինչպէս մենք եւս կը ներենք» (Մատթ. 6.12, 14-15, Ղուկ. 11.4)։
Ութերորդ՝ մեղքերու մէջ յառաջանալը, ինչպէս Եսաւը, որ արժանի չեղաւ իր հօր՝ Իսահակի օրհնութեան (Ծննդ. 27.30-40, հմմտ. Եբր. 12.16-17), որովհետեւ մտադրած էր իր եղբայրը սպաննել (Ծննդ. 27.41)։
Իններորդ՝ աղօթողին անհամբերութիւնը. Սաւուղ, որ չհամբերեց Սամուէլի գալուստին, այլ պատարագ մատուցեց, Աստուած չ՚ընդունեց պատարագը (Ա Թագ. 13.8-14)։
Տասներորդ՝ վնասակար բաներ խնդրելը, ինչպէս Յակոբոսն ու Յովհաննէսը Քրիստոսէ հրաման խնդրեցին՝ երկինքէն կրակ իջեցնելու եւ այրելու սամարացիներու գիւղերէն մին, սակայն Քրիստոս արգիլեց (Ղուկ. 9.54-56). իսկ Պօղոս խնդրեց, որ իր մարմինին խայթը վերցուի, սակայն Աստուած չլսեց (Բ Կորնթ. 12.7-9)։
Տակաւին, աղօթքի վայրը յատկապէս եւ իւրայատուկ կերպով եկեղեցին է, ինչպէս Դաւիթ կ՚ըսէ. «Եկեղեցւոյ մէջ զԱստուած օրհնեցէ՛ք» (Սաղմ. 67.26[27]). ինչպէս նաեւ՝ «Քեզի օրհնութիւն կը վայելէ Աստուած, Սիօնի մէջ եւ Քեզի աղօթք պիտի մատուցուի Երուսաղէմի մէջ» (Սաղմ. 64.1-2)։ Իսկ Պետրոսն ու Յովհաննէսը աղօթքի իններորդ ժամը (կէսօրէ ետք ժամը երեք) Տաճարին մէջ կը կատարէին (Գործք 3.1)։ Սակայն Եկեղեցին չ՚արգիլեր տան մէջ աղօթել անկարելի ժամանակի (այսինքն՝ երբ պատճառ կայ եկեղեցի չգալու), այլ կը խափանէ խորհուրդներու կատարումը տունէն ներս, որովհետեւ եկեղեցին յատուկ կերպով խորհուրդներն ու աղօթքները կատարելու համար կը շինուի։ Քանի որ եկեղեցի գալ եւ աղօթել հազարապատիկ աւելի լաւ է, քան տան մէջ աղօթելը, որովհետեւ՝ «Ուր որ երկու կամ երեք հոգի կը հաւաքուին, Ես այնտեղ՝ անոնց մէջ եմ»,— ըսաւ Քրիստոս (Մատթ. 18.20)։ Նաեւ Դաւիթ կ՚ըսէր, թէ՝ «Տէ՜ր, զիս հաղորդակից դարձուր Քեզմէ բոլոր երկիւղածներուն» (տե՛ս Սաղմ. 118.63)։ Կը պատահի նաեւ, որ մարդը անարժան է Աստուծոյ աղաչելու, բայց եկեղեցի երբ կու գայ, արժանաւորներու աղօթքներուն մասնակից կ՚ըլլայ։ Ինչպէս Քրիստոսի ժամանակ անդամալոյծ մը տան առաստաղէն պարաններով վար իջեցուցին Քրիստոսի առջեւ. թէեւ այդ անդամալոյծը կատարեալ հաւատք չունէր, սակայն Սուրբ Աւետարանը կ՚ըսէ, թէ՝ «Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը, կ՚ըսէ անդամալոյծին. «Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած թող ըլլան քեզի»» (Մարկ. 2.1-12։ Ղուկ. 5.17-26). ասիկա ըսաւ՝ անդամալոյծը իջեցնողներուն կատարեալ հաւատքին համար։
Այսպէս՝ մարդ մը, որ արժանաւոր աղօթք չի՛ կրնար ընել եկեղեցւոյ մէջ, սակայն խոնարհելով եւ գալով եկեղեցի՝ արժանաւորներուն աղօթքներուն մասնակից կ՚ըլլայ, ինչպէս անդամալոյծը, որ հաւատքով բերողներուն (հաւատքին համար) բժշկուեցաւ։ Ահա ա՛յս է, որ հաւատամքի մէջ հաղորդութիւն սրբոց կը կոչենք։
Իսկ աղօթքի ժամին համար գիտցի՛ր, որ Քրիստոս ժամանակ չսահմանեց՝ երեկոյեան կամ առաւօտեան, միայն թէ աղօթել պատուիրեց՝ ըսելով, թէ պէտք է միշտ աղօթել առանց ձանձրանալու (տե՛ս Ղուկ. 18.1). եւ Ինք՝ Տէրը, ամբողջ գիշերը կ՚աղօթէր եւ ցերեկը կը քարոզէր։
Իսկ Դաւիթ կ՚ըսէր․ «Օրուան մէջ եօթը անգամ պիտի օրհնեմ Քեզ» (Սաղմ. 118.164)։ Սակայն պէտք է գիտնալ, որ մնայուն կերպով առանց աշխատելու՝ աղօթքներու պարապիլը կարելի չէ՛, որովհետեւ մարմինն ալ իրը կը խնդրէ, հետեւաբար՝ ամէն ժամ աղօթելը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ։
Իմացի՛ր, որ աշխարհը փորձութեան եւ պատերազմի տուն է, իսկ աղօթքը քրիստոնեաներուն զէնքն ու զրահն է. տակաւին, զինուորը, մնայուն կերպով պատերազմի մէջ ըլլալով, իր զէնքը իր ձեռքէն պէտք չէ ձգէ. արդարեւ, միշտ աշխատանքէ դադրելով՝ աղօթելը հնարաւոր չէ, սակայն միտքով աղօթելը միշտ կարելի է։
Տակաւին, այդ ամէն ժամ ըսելը ցոյց չի՛ տար, թէ քսանչորս ժամն ալ պիտի աղօթեն, որովհետեւ քունի ժամանակ կայ, աշխատանքի ժամանակ կայ. կ՚ուզէ ըսել, թէ աղօթքի համար սահմանուած ժամէն ու ժամանակէն մի՛ դադրիր աղօթելէ, ինչպէս մանուկի մը ըսենք, թէ՝ «Ո՛վ մանուկ, մի՛շտ ջանայ ուսանիլ», որով ըսել կ՚ուզենք, թէ՝ «Ուսումի ժամանակ պարապ մի՛ կենար»։
Դարձեալ՝ որովհետեւ աղօթքը միտքի դարձն է առ Աստուած եւ սիրտին ու բերանին պտուղը՝ ընծայուած Աստուծոյ՝ Անորմէ ընդունած բարերարութիւններուն համար։ Հետեւաբար՝ իւրաքանչիւր բարիք ընդունած ժամանակ ով որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ գոհութիւն կու տայ Աստուծոյ, այդպիսին միշտ առ Աստուած կ՚աղօթէ։
Նաեւ իւրաքանչիւր բարեգործութիւն աղօթք եւ շնորհակալութիւն է Աստուծոյ, քանի որ աղօթքներու անունը կերպով մը իւրաքանչիւր բարեգործութեան վրայ կը դրուի, որովհետեւ անդադար աղօթող կը կոչուի բարեգործ մարդը։ Նաեւ մարդուն սուրբ կենցաղավարութիւնը առ Աստուած աղօթք է, քանի որ սիրտով ու գործով սուրբը զԱստուած կը տեսնէ իր նմանին մէջ՝ իբրեւ հայելիի մը մէջ, իսկ պղծալից գործերով կը հեռանայ Աստուծմէ։
Հետեւաբար՝ ան, որ սրբութեան մէջ միշտ հաստատ է, իր սրբութեան մէջ կ՚երեւցնէ Աստուծոյ պատկերը ու կը տեսնէ զԻնք. ըստ այնմ՝ երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով սուրբ են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն (տե՛ս Մատթ. 5.8)։
Տակաւին, այլ բան է աղօթքը, եւ այլ բան՝ աղաչանքը, որովհետեւ աղօթքը Աստուծմէ պարգեւ մը կը խնդրէ, իսկ աղաչանքը կը խնդրէ չարէն ազատիլ։ Դարձեալ՝ միշտ եւ անդադար աղօթելը, որ ամէն ինչ Աստուծոյ վերագրէ՝ իբրեւ բարիքներու Տուողը, քանի որ ի՞նչ բան կայ մեզ մօտ, որ Աստուծմէ առած չենք։
Իսկ թէ աղօթքներուն մէջ ի՞նչ պէտք է խնդրենք Աստուծմէ, Քրիստոս «Հայր մեր» աղօթքին մէջ (այդ ուղղութեամբ) եօթը բան կ՚ուսուցանէ․
Առաջինը այս է. «Հայր մեր, որ երկինքին մէջ ես։ Սուրբ թող ըլլայ անունդ»։
Երկրորդը այս է. «Արքայութիւնդ թող գայ»։
Երրորդը այս է. «Քու կամքդ թող կատարուի, ինչպէս երկինքին մէջ, այնպէս ալ երկրի վրայ»։
Չորրորդը այս է. «Մեր ամէնօրեայ հացը այսօր եւս մեզի տուր»։
Հինգերորդը այս է. «Ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը (յանցանքները), ինչպէս մենք եւս կը ներենք մեր պարտապաններուն»։
Վեցերորդը այս է. «Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր»։
Եօթներորդը այս է. «Այլ փրկէ՛ մեզ չարէն»։
Իսկ վերջինը գոհութիւն է եւ ո՛չ թէ խնդրանք, որ կ՚ըսէ, թէ՝ «Որովհետեւ Քուկդ են Արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը, յաւիտեանս»։
Շարունակելի
«Քրիստոնէական Ուսանելի», 1806
Աշխարհաբարի վերածեց Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեանը